ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Համազգային աղօթք՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի պայմաններուն ներքեւ հոգեւոր-բարոյական ամրութեան համար։ Ս. Գայիանէ պատմական վանքէն ներս աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած՝ վարակուածներու բժշկութեան եւ համայն մարդկութեան պահպանութեան համար։ Ստորեւ, արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք այս արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կողմէ փոխանցուած պատգամը։

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Այսօր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած՝ խնդրելով Տիրոջ զօրակցութիւնն ու օգնութիւնը աշխարհին եւ մեր ժողովուրդին պատուհասած համավարակի դիմագրաւման համար։

Դժուարին այս օրերուն մտահոգութեամբ ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս աշխարհի զանազան երկիրներու, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ, համավարակի պատճառով խաթարուած է բնականոն կեանքը. մարդիկ մեկուսացած են, կրթական եւ այլ շատ հաստատութիւններ դադրած են գործելէ: Մարդիկ կը վախնան, որ պատուհասը կրնայ հասնիլ նաեւ իրենց ու իրենց ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու մտերիմներուն: Սրտակից ըլլալով վարակէ ազդուած բոլոր մարդկանց, սիրելի հաւատաւոր զաւակներ, խռովայոյզ այս ժամանակներուն մշտապէս անդրադառնանք մարդուն տրուած Աստուծոյ ամենէն մեծ պարգեւին՝ սիրոյ սքանչելի խորհուրդին: Բոլորդ քաջ գիտէք, որ Աստուած Իր Միածին Որդին ուղարկեց աշխարհ՝ առ մարդը Իր սէրէն մղուած։ Փրկիչ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, այդ անսահման սիրով մեզի համար չարչարուեցաւ ու խաչուեցաւ, Իր հրաշափառ Յարութեամբ մարդկութեան պարգեւեց փրկութեան, յոյսի, հաւատի ու սիրոյ շնորհները, որպէսզի մենք Փրկչին ապաւինած՝ կարողանանք յաղթահարել նաեւ կեանքի դժուարութիւններն ու նեղութիւնները կեանքի։ Արդարեւ, ուր կայ սէր, յոյս եւ հաւատք, այնտեղ չկայ երկիւղ ու կասկած, այնտեղ չկայ վախ եւ յուսալքութիւն, քանզի մեր ապաւէնն է նոյնինքն Արարիչ Աստուած: Սուրբ Դաւիթ մարգարէն կ՚ըսէ.  «Տէրը իմ լոյսն է ու կեանքը, որմէ՞ վախնամ. Տէրը իմ կեանքի ապաւէնն է, որմէ՞ ես դողամ» (Սաղմ․ ԻԶ 1):

Ապաքինման, ինքնամեկուսացման ու առանձնացումի մէջ գտնուող սիրելի զաւակներ Մեր, դուք միայնակ չէք։ Այս պահուն համայն մեր ժողովուրդը՝ աշխարհական եւ եկեղեցական, երիտասարդ եւ տարեց, իւրաքանչիւր հաւատացեալ անձ իր առանձնական աղօթքը երկինք կը վերառաքէ՝ բոլոր հիւանդներու շուտափոյթ առողջութեան, մեկուսացուածներու տոկունութեան ու արիութեան եւ Աստուծոյ գթառատ հովանիի ներքոյ մեր կեանքի պաշտպանութեան համար։ Համազգային աղօթքի այս օրը տարակոյս չունինք, որ ողորմած Տէրը կը լսէ մեր ձայնը: Առանձնաբար այս պահուն ամէն մէկը իր բնակութեան, իր ծառայութեան վայրին մէջ կ՚աղօթէ եւ աղօթքի քաղցրահունչ ձայնն է, որ մեզ կը միաւորէ որպէս մէկ ազգ, որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ:

Սիրելի զաւակներ Մեր, ամուր պահեցէք ձեր յոյսը, անսասան՝ ձեր լոյս հաւատքը, զօրացուցէք ոգին աղօթական ու ապաշխարութեան եւ միմեանց հանդէպ սէրն ու հոգածութիւնը, որպէսզի Աստուած մեզ յաղթանակած դուրս հանէ այս փորձութենէ։ Յիշեցէք, որ անտարբերութիւնն ու անտեսումը կեանքի մէջ կրնան աւելի մեծ վնաս հասցնել եւ առանց միմեանց հանդէպ ցուցաբերուող խնամքի ու օժանդակութեան՝ անհնար է յաղթել որեւէ վտանգի:

Այս պահուն, ի դէմս աղօթակից Մեր բոլոր զաւակներու, Մեր սրտաբուխ հայցը կը բարձրացնենք առ Երկնաւոր մեր Հայրը՝ ըսելով․ «Բարերար եւ բազումողորմ Աստուած, ընդունէ մեր երկրպագութիւնը, եւ լսէ մեր աղաչանքները, որովհետեւ Քեզի ապաւինելով կ՚ակնկալենք առատ ողորմութիւնդ եւ անսպառ գթութիւնդ: Անսալով մեր աղաչանքներուն՝ բժշկութիւն պարգեւէ բոլոր հիւանդներուն, վարակէ ապաքինող բոլոր անձերուն։ Հեռու վանէ վախն ու տագնապը անոնցմէ, որոնք բուժման ընթացքի եւ կամ մեկուսացման մէջ են: Պահէ ու պահպանէ անոնց ընտանիքներն ու բարեկամները եւ խաղաղութիւն պարգեւէ անոնց բոլոր սիրելիներուն:

Քու անչափ բարերար կամքով օրհնէ եւ զօրութիւն պարգեւէ զօր ու գիշեր իրենց անձնուէր ծառայութիւնը մատուցող մեր բժիշկներուն, որոնք իրենց ծառայութեան մէջ անձնուրաց ջանքեր կը ներդնեն՝ հիւանդներու ապաքինման համար։

Պահէ եւ պահպանէ մեր ժողովուրդը եւ համայն աշխարհը, օգնական եղիր եւ քու աստուածային իմաստութիւնը պարգեւէ հայրենի մեր իշխանութիւններուն եւ աշխարհի բոլոր առաջնորդներուն, որպէսզի համավարակի դէմ պայքարի ձեռնարկումները պսակուին յաջողութեամբ եւ Քու առատ շնորհով ու ողորմածութեամբ կարողանանք յաղթահարել նաեւ այս փորձութիւնը:

Արդ, ողորմած եւ մարդասէր Աստուած, թողութիւն տուր մեր մեղքերուն եւ ազատէ հիւանդութիւններէ, որպէսզի մենք ամէնքս գոհութեամբ ու երախտագիտութեամբ փառաւորենք ու երկրպագենք Ամենասուրբ Երրորդութեանդ, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։ 

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020