ՍԱՄԱԹԻԱՑԻՆԵՐԸ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՆ Ս. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
Ս. Երուսաղէմի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նախորդ շաբաթավերջին Ս. Զատիկը նշեց ըստ Հին տոմարի։ Աւանդական խանդավառութեամբ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները։ Այս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռին տնօրինութեամբ Պոլիսէն ուխտագնացութիւն մը կազմակերպուեցաւ դէպի Ս. Քաղաք։ Ուխտաւորներու խումբը գլխաւորեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Խումբին կորիզը կազմեց Սամաթիոյ Սահակեան Դպրաց Դաս-երգչախումբը, որու նախագահն է միեւնոյն ժամանակ Հայր Սուրբը։
Ս. Երուսաղէմի մէջ Աւագ շաբթուան կանոնական արարողութիւններուն մասնակցութիւն բերին սամաթիացիները, որոնք կատարեցին երգեցողութիւնները։ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Բագրատ Վրդ. Պուրճէքեան, իսկ տաղաւարի օրուան պատարագիչն էր՝ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան։ Սահակեան երգչախումբի երգեցողութիւնները խոր տպաւորութիւն գործեցին տօնակատարութիւններու բոլոր մասնակիցներուն վրայ։ Խմբավար Սեւան Ակօշեան եւ իր սաները արժանացան բոլորի ջերմ գնահատանքին։
Ուխտաւորները Սրբոց Յակոբեանց վանքին մէջ ընդունուեցան նաեւ Երուսաղէմի Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի կողմէ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024