ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆՈՎ ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ՝ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԿՈՆԴԱԿՆԵՐՈՒ, ՔԱՐՈԶՆԵՐՈՒ, ԽՕՍՔԵՐՈՒ ԵՒ ԽՈՀԵՐՈՒ ԸՆՏՐԱՆԻՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրաւ շահեկան գործ մը, որ կը կոչուի՝ «Կոնդակներու, քարոզներու, խօսքերու եւ խոհերու ընտրանի»։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի զանազան գրութիւններու արեւմտահայերէնի փոխադրութիւնով պատրաստուած է այս ժողովածոն։ Բովանդակութեան նիւթերը քաղուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Քրիստոնեայ Հայաստան» պարբերաթերթի եւ «Էջմիածին» ամսագրի էջերէն՝ ընդգրկելով Վեհափառ Հայրապետի գահակալութենէն սկսեալ, մինչեւ 2019 թուականի դեկտեմբերը ինկած ժամանակահատուածը։

2010 թուականին ԻՒՆԷՍՔՕ արեւմտահայերէնը դասած էր աշխարհի վտանգուած լեզուներու շարքին։ Այս ցաւալի փաստը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ուշադրութեան կեդրոնին է, ուստի եկեղեցին հոգեւոր-կրթական իր գործունէութեամբ հնարաւորինս կը նպաստէ, որպէսզի թէ՛ Հայաստանէ եւ թէ սփիւռքէ ներս բոլորի գիտակցութեան մէջ շարունակէ պահպանուիլ արեւմտահայերէնը, որ մանաւանդ՝ հայապահպանութեան կարեւոր երաշխիք է նաեւ սփիւռքի պարագային։ Ներկայ հրատարակչական ծրագիրն ալ կեանքի կոչուած է՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ որդեգրուած համապատասխան զգայնութեան հիման վրայ։

Ընթերցողի ուշադրութեան կը ներկայացուին զանազան համազգային կամ յոբելենական բնոյթով կոնդակներ, Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներու քարոզներ, դասախօսութիւններ, մտածումներ ու խոհեր, որոնք կ՚առընչուին հոգեւոր արժէքներու հետ եւ կ՚անդրադառնան հայ իրականութեան բազմաթիւ հարցերու։ Վեհափառ Հայրապետի խօսքերու այս ծաղկաքաղը առաջին անգամ կը հրատարակուի արեւմտահայերէնով եւ նպատակ ունի այսպէսով խթանել արեւմտահայերէնի տարածումը թէ՛ Հայաստանէ ներս եւ թէ Հայաստանէ դուրս՝ հասանելի դարձնելով Հայոց Հայրապետի խօսքը նաեւ սփիւռքի հայերուն։ Ժողովածոն նախատեսուած է ընթերցողներու լայն շրջանակի մը համար՝ յատկապէս 21-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակի Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեամբ զբաղող մասնագէտներուն տեսակէտէ ուշագրաւ է։

Այս ժողովածոն կազմած եւ արեւմտահայերէնի վերածած է Վարանդ Քորթմոսեան։ Լեզուաոճական խմբագրի պաշտօնը կատարած է Անի Ֆիշենքճեան։

Հրատարակութիւնը կատարուած է «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի աջակցութեամբ։

Գիրքը ձօնուած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան 20-ամեակի, նաեւ ծննդեան 70-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2021