ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը։ Ս. Զատկի տօնի ներկայ շրջանին անոնք զրուցեցին աւելի քան ժամ մը։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան զանազան այժմէական հարցեր, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի կեանքին, սփիւռքին եւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

Տեսակցութեան ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողքին էին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեան եւ Անթիլիասի միջեկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեէմէզեան։ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.-ին ընկերացան Պէյրութի թեմի օգնական վիճակաւոր Տ. Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեան եւ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022