ԵՐԵՒԱՆԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի ձեռամբ քահանայական օծում եւ ձեռնադրութիւն ստացան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան շարք մը սարկաւագներ։ Յընթացս Ս. Պատարագի Նորին Սրբազնութիւնը քահանայ ձեռնադրեց երիտասարդ սարկաւագները եւ օրուան քարոզին մէջ ալ անոնց ուղղեալ խրատներ արտայայտեց։

Նորաօծ քահանայ հայրերը ընդունուեցան նաեւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Վեհարանի հանդիպման ներկայ էին Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան, նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետի պաշտօնակատար Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեան։

Նորաօծ քահանայ հայրերը քառասնօրեայ ապաշխարութեան պատրաստութեան եւ աղօթքի շրջանը կ՚անցընեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, իսկ աւելի վերջ կ՚ուղուին իրենց ծառայութեան վայրերը։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024