«ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ»Ի ԴԱՓՆԵԿԻՐՆԵՐ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ան­ցեալ շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ե­ղի­ցի լոյս» մրցա­նակ­նե­րու յանձն­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կին նա­խա­գա­հեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։ «Ոս­կէ ծի­րան» մի­ջազ­գա­յին տա­րե­կան շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նին առ­թիւ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ սահ­մա­նուած է «Ե­ղի­ցի լոյս» մրցա­նա­կը։ Այս տա­րի սոյն մրցա­նա­կը շնոր­հուե­ցաւ ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ շար­ժան­կա­րի բե­մադ­րիչ Ռո­պէր Կէ­տի­կեա­նին։

Նոյն ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին «Ոս­կէ ծի­րան»ի հիմ­նա­դիր-տնօ­րէն Յա­րու­թիւն Խա­չատ­րեա­նին ալ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին օրհ­նու­թեամբ շնոր­հուե­ցաւ «Ս. Սա­հակ-Ս. Մես­րոպ» պա­տուոյ բարձր շքան­շա­նը՝ առ ի գնա­հա­տու­թիւն իր եր­կար տա­րի­նե­րու վաս­տա­կեալ գոր­ծու­նէու­թեան։

Եր­կու պար­գե­ւատ­րեալ­ներն ալ հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կան սրտի խօս­քով, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ալ ներ­կա­նե­րուն փո­խան­ցեց իր պատ­գա­մը՝ ան­գամ մը եւս գնա­հա­տե­լով Ռո­պէր Կէ­տի­կեանն ու Յա­րու­թիւն Խա­չատ­րեա­նը։ «Ան իր օրինակով կը հաւաստէ, որ հայ ժողովուրդը յարութեան հաւատացող ազգ է՝ այդ տեսիլքով ապրող եւ արարող», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Ռոպէր Կէտիկեանի մասին։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց նաեւ Յարութիւն Խաչատրեանը՝ փառատօնի ստեղծման եւ յաջողութիւններուն գծով ունեցած մեծ վաստակին բերումով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015