ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԼԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արդէն սկսած են Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան յուզումնալի նախապատրաստութիւնները։ Ինչպէս ծանօթ է, այս տարի Սեպտեմբերի 27-ին նախատեսուած է Միւռոնօրհնութիւնը, որ աւանդաբար կը կատարուի եօթ տարին անգամ մը։ Այս նուիրական իրադարձութեան պատրաստութիւնները Մայրավանքէն ներս կը սկսին քառասուն օր առաջ։ Այս նպատակով ձիթաիւղով լի արծաթէ կաթսան կը զետեղուի Մայր Տաճարի Աւագ Խորանին առջեւ եւ անոր վրան շղարշէ ծածկոց մը կը թողուի։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան տեղեկացուց, թէ ամէն օր՝ երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ, կը կատարուի ձիթաիւղի օրհնութեան կարգը։ Այս շրջանին Սրբալոյս Միւռոնի խորհուրդին, բաղադրութեան, նշանակութեան եւ յարակից միւս հարցերուն մասին կանոնաւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրներուն կողմէ։ Այս բոլորը հետաքրքրական ու շահեկան են հաւատացեալներու մտքի ու հոգիի պատրաստութեան տեսանկիւնէն՝ Միւռոնօրհնութեան սրբազան արարողութեան ընդառաջ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան բաժանմունքները այնպէս մը կազմակերպուած են, որ հաւատացեալները Միւռոնօրհնութեան նախորդած քառասնօրեայ ժամանակաշրջանին զինուին հոգեւոր գիտելիքներով։
Սրբալոյս Միւռոնի հիմնական բաղադրիչը անարատ ձիթաիւղն է, որուն կը խառնուին բալասանը, ինչպէս նաեւ քառասուն տեսակի զանազան հոտաւէտ խունկերու, ծաղիկներու, անուշահոտ բոյսերու արմատներու, ծաղկեջուրերու, իւղային հիւթերու եւ տերեւներու միաշաղախուած հեղուկը։ Միւռոնօրհնէքի նախատօնակին՝ գիշերը կը կատարուի նաեւ հսկում։
Սեպտեմբերի 27-ին նախատեսուած Միւռոնօրհնութեան առթիւ աշխարհի չորս ծագերէն հոծ թիւով ուխտաւորներ պիտի այցելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր նոյն առթիւ պիտի հիւրընկալուին նաեւ միջեկեղեցական հիւրեր։ Հայաստանի պետական աւագանին ալ ներկայ պիտի գտնուի այս արարողութեան, որու ընթացքին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ս. Աջի մասունքով պիտի օծէ Սրբալոյս Միւռոնը։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ ալ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ պիտի մասնակցին Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան, գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, մեր համայնքէն հոծ թիւով ուխտաւորներ ալ մասնակցութիւն պիտի բերեն Միւռոնօրհնէքին։
Եկեղեցական
- 11/27/2024