ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԸ ԿԱԼԿԱԹԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
Օգոստոսի 17-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայրապետական այցով ժամանեց Հնդկաստանի Հանրապետութիւն՝ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարան: Ճեմարանէ ներս այժմ կ՚ուսանին յիսունհինգ սաներ Հայաստանէն, Իրաքէն եւ Իրանէն:
Ճեմարանի տեսչութիւնն ու սաները Ամենայն Հայոց Հայրապետի այցին մեծ խանդավառութեամբ եւ յուզմունքով կը սպասէին: Այս բերկրալի առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն եւ ընդունելութիւն:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, ապա հնչեցին Հնդկաստանի, Հայաստանի եւ ճեմարանի օրհներգերը:
Բարիգալստեան խօսքով հանդէս եկաւ հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ եւ Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Տ. Մովսէս Աբեղայ Սարգսեան՝ ճեմարանի նկատմամբ դրսեւորուող մշտական ուշադրութեան եւ հոգատար վերաբերմունքի համար տեսչութեան, դասախօսական կազմի եւ աշակերտութեան անունով խորին երախտագիտութիւն յայտնելով Հայոց Հայրապետին: Հայր Մովսէս տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ 1821 թուականին հիմնադրուած եւ Սփիւռքի մէջ ցայսօր գործող ամենահին կրթօճախի գործունէութեան եւ աշակերտներու ունեցած յաջողութիւններու մասին:
Ցերեկոյթի ընթացքին ճեմարանի սաները հանդէս եկան ազգային երգ ու պարով եւ գեղեցիկ բեմականացմամբ:
Հանդիսութեան աւարտին իր օրհնութեան խօսքը ներկաներուն ուղղեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Վեհափառ Հայրապետը մասնաւոր իր գնահատանքը յայտնեց հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ եւ ճեմարանի կառավարիչ Հայր Մովսէսին, Կալկաթայի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան անդամներուն, ճեմարանի տեսչական կազմին, ուսուցիչներուն եւ սաներուն՝ գոհունակութեամբ ընդգծելով հայրապետական նախորդ այցելութենէն յետոյ ճեմարանի կեանքէն ներս արձանագրուած յառաջընթացն ու ձեռքբերումները:
Նորին Սրբութիւնը մեծապէս կարեւորեց պատմական կրթական հաստատութեան առաքելութիւնը մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ՝ յորդորելով նոյն նախանձախնդրութեամբ եւ ջանադրութեամբ շարունակել կերտել փառքը Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի եւ ազգին պարգեւել հայրենասէր ու եկեղեցանուէր հայորդիներ:
Օգոստոսի 18-ին Գարեգին Բ. Հայրապետը հանդիպումներ ու առանձնազրոյցներ ունեցաւ ճեմարանի տեսչութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ: Նորին Սրբութեան մասնաւոր թելադրութիւնն էր՝ ամէն ջանք գործադրել ճեմարանի կրթական մակարդակը ամենաբարձր աստիճանին հասցնելու համար:
Նոյն օրը, Նորին Սրբութիւնը մտերմիկ ու երկար հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ աշակերտներու հետ՝ զրուցելով անոնց առօրեային, կրթական գործընթացին եւ զանոնք յուզող խնդիրներուն շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը պատանիներուն յորդորեց առաւել ջանասիրութեամբ գիտելիքներ ամբարել եւ հաւատարիմ մնալ իրենց հայրենի աւանդներուն՝ ազգի արժանաւոր զաւակներ դառնալու համար:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ուղեկցութեամբ ճեմարանի կառավարիչ Հայր Սուրբի եւ կառավարչի օգնական Վարազդատ Սարկաւագ Քոչարեանի, շրջեցաւ ու մանրամասն ծանօթացաւ ճեմարանի եւ սաներու կեցութեան պայմաններուն՝ անհրաժեշտ ցուցմունքներ տալով զանոնք առաւել բարւոք դարձնելու համար:
Այցի օրերուն Նորին Սրբութեան կ՚ուղեկցէին Կալկաթայի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան աւագ անդամներ Սունիլ Սոպթին եւ Սիւզան Ռուբէն: