ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան շաբաթավերջին կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաւաքուած էին հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեան, որ հիւրաբար քաղաքիս մէջ կը գտնուէր։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Եշիլգիւղի Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի կողմէ գլխաւորուած Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդը եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սիրոյ սեղան մը սարքեց՝ համախմբելով Նորին Ամենապատուութիւնը, հոգեւոր հայրերը, թաղի վարիչները եւ հաւատացեալները։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2022