ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԻՏԱԼԻԱ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կը ժամանէ Միլանօ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, հովուապետական այցելութիինը տեղի կ՚ունենայ՝ Միլանոյի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ օծման 60-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետը վաղը գոհաբանական մեծահանդէս Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ այս եկեղեցւոյ մէջ։

Այսօր Միլանօ ժամանելէ վերջ, Նորին Սրբութիւնը կը հիւրընկալուի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ տեղւոյն արքեպիսկոպոսին կողմէ։ Օրուան տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ եւրոպահայ երիտասարդներու հետ։ Երեկոյեան ան կը մէկտեղուի Միլանոյի եկեղեցական վարչութեան անդամներուն հետ՝ գլխաւորութեամբ Սարօ Խիւտավերտեանի, որ միեւնոյն ժամանակ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներէն մին է։ Վարչայինները եւ իտալահայ ազգայիններ ընթրիք մըն ալ կը սարքեն ի պատիւ Նորին Սրբութեան։

Միլանոյի ծրագիրը աւարտելէ վերջ, Վեհափառ Հայրապետը յառաջիկայ շաբաթուան մէջ պիտի անցնի Հռոմ։ Ան Վատիկանի մէջ եղբայրական հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Դէպի Իտալիա ուղեւորութեան օրերուն Նորին Սրբութեան կ՚ընկերանան Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ այլ բարձրաստիճան եկեղեցականներ։

 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2018