ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջերս հովուական այցելութիւն մը տուաւ Սան Ֆրանսիսքօ, ուր Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. Պատարագ։ Տեղւոյն հոգեւոր հովիւը, ծխական խորհուրդը եւ յարակից մարմիններու անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեցին Նորին Սրբազնութիւնը, որու մատուցած Ս. Պատարագի ընթացքին առընթերակայ էր Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Աշ։

Արարողութեան ընթացքին Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան խօսեցաւ քարոզ մը եւ օծեց Ս. Գայիանէ կոյսի սրբապատկերը, որ նուիրաբերուած էր Բալասանեան ընտանիքին կողմէ՝ ի յիշատակ իր վաղամեռիկ դստեր։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին նահատակուածներուն։

Այս բոլորէն վերջ Նորին Սրբազնութիւնը կատարեց շնորհաբաշխութիւն՝ գնահատելով զանազան անձնաւորութիւններ, որոնք ծառայութիւն կը մատուցեն Սան Ֆրանսիսքոյի եկեղեցւոյ։ Այսպէս, ծխական կեանքէ ներս իրենց ունեցած երկարամեայ ծառայութեան ու նուիրումին համար «Հայ ոգի» շքանշանով պարգեւատրուեցան՝ Էնթընի Սրկ. Խաչատուրեան, Լինտա Լեսթերի, Ճուտի Ուայթի, ինչպէս նաեւ Սեդրակ եւ Անոյշ Մաղդիսեանները։

Հովուական այցելութեան աւարտին Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Սան Ֆրանսիսքոյէն հրաժեշտ առաւ՝ բոլորին փոխանցելով իր օրհնութիւնները եւ յաջողութեան մաղթանքները՝ ազգաշէն ու եկեղեցանուէր գործունէութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2021