ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն (ԱՄԷ) պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, սոյն պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր Շարժայի Ժառանգութեան կաճառի նախագահ տքթ. Ապտիւլազիզ էլ Մուսալլամ։ Ողջունելով հիւրերը՝ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ ԱՄԷ-ի միջեւ յարաբերութիւնները շարունակական ու բարեկամական բնոյթ կը կրեն՝ արդիւնաւորուելով զանազան ոլորտներէ ներս նոր ձեռքբերումներով։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի յետպատերազմեան ծանր ու դժուարին իրավիճակին՝ վստահութիւն յայտնելով, թէ հայ ժողովուրդը շնորհիւ իր զօրեղ հաւատքին եւ բարեկամ երկիրներու աջակցութեան պիտի կարողանայ յաղթահարել առկայ մարտահրաւէրները։

Իր հերթին, տքթ. Ապտիւլազիզ էլ Մուսալլամ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց ԱՄԷ-ի բարձրագոյն խորհուրդի անդամ, Շարժայի շէյխ տքթ. Սուլթան պին Մուհամմէտ էլ Քասըմիի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները։ Ան գոհունակութեամբ հաստատեց, թէ հայ-արաբական յարաբերութիւնները ամուր են, համահունչ դարաւոր բարեկամութեան։

Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր ու պատմամշակութային արժէքներու ոչնչացման եւ իւրացման խնդիրը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2022