ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԻՍՔԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց խումբ մը կաթոլիկ հոգեւորականներ։ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան անդամ վարդապետներէ բաղկացեալ այս խումբը կը գլխաւորէր Հայր Մաքութօ։

Աշխարհի զանազան երկիրներէն Ֆրանսիսքեան վարդապետներ պարբերաբար կ՚այցելեն զանազան երկիրներ ու կը ծանօթանան տեղւոյն քրիստոնէական յարանուանութիւններուն հետ։ Ներկայիս, այս շրջանակին մէջ Ֆրանսիսքեան վարդապետներու խումբը եկած է Թուրքիա եւ առիթէն օգտուելով այցելեց Պատրիարքարան, ուր ջերմ մթնոլորտի մէջ հիւրընկալուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար։ Ան տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, անոր նուիրապետութեան, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան ու դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց նաեւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց զարգացման կարեւորութիւնը ու արդիւնաւոր կեցութիւն մաղթեց հիւր վարդապետներուն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2023