ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շքանշաններ շնորհեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ խումբ մը երախտաշատ աշխարհական սպասաւորներու։ Այսպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վերստուգիչ յանձնախումբի անդամներէն Խաչատուր Մութաֆեան եւ Լիուտվիկ Հարոյեան պարգեւատրուեցան «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով։ Կաթողիկոսական գրասենեակի պատասխանատու քարտուղարուհի Անահիտ Անտոնեանն ալ արժանացաւ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանին՝ ի գնահատումն Հայ Եկեղեցւոյ մատուցուած նուիրեալ ու օգտաշատ ծառայութիւններուն։
Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին Հայրապետական սրբատառ կոնդակները ընթերցեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի տնօրէն Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեան եւ Պալթեան երկիրներու հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։
«Մեզի համար գոհունակութիւն է, որ մանկավարժական առաքելութեան զուգընթաց դուք նաեւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնեցիք Արարատեան հայրապետական թեմին, ապա Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կաթողիկոսական գրասենեակին մէջ՝ որդիական սիրով ու պատասխանատուութեամբ ձեր ձիրքերն ու մտաւոր կարողութիւնները ի սպաս դնելով մեր Սուրբ Եկեղեցոյ առաւել շինութեան ու պայծառութեան։ Ամենօրեայ ձեր ծառայութեամբ մենք ականատես ենք պարտականութիւններու հանդէպ ձեր բծախնդիր վերաբերմունքին, եռանդին ու ջանասիրութեան», նշուած է Անահիտ Անտոնեանի Հայրապետական սրբատառ կոնդակին մէջ։
Կոնդակներու ընթերցումէն վերջ Նորին Սրբութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ շքանշաններով զարդարեց մեծարեալներուն կուրծքը։ Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով եւ Պահպանիչ աղօթքով։
ՀԻՒՐԵՐ
Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հունգարիայէն կառավարական պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ վարչապետի աշխատակազմի ռազմավարական հարցերով փոխ-նախարար Միքլոշ Փանիի։ Հունգարական պատուիրակութիւնը այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։
Միքլոշ Փանի զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Հունգարիա միջպետական կապերու սերտացման։ Ան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հաւաստիացուց, թէ Պուտափեշտի իշխանութիւնները պիտի շարունակեն իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերել Արցախի հայութեան համար ու միջնորդական ջանքեր գործադրել հայ գերիներու վերադարձման ուղղութեամբ։
Եկեղեցական
- 01/16/2025
- 01/16/2025