ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷ ՆԵՐՍ ՊԱՇՏՕՆԱՎԱՐՈՂ ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանէ ներս պաշտօնավարող եպիսկոպոսներու եւ թեմակալ առաջնորդներու ժողովը։ Կը հաղորդուի, որ այս ժողովի ընթացքին քննարկուեցան թեմերէ ներս հոգեւոր կեանքի վերաշխուժացման ուղղեալ ծրագրերուն եւ հովուական առաքելութեան զօրացման վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ հոգեւոր հովիւներու ծառայութեան, թեմերէ ներս առկայ կարիքներուն եւ եկեղեցականներու առջեւ ծառացած հիմնական մարտահրաւէրներուն։ Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ եկեղեցականներու պատրաստութեան, հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու սաներու ընդունելութեան եւ կրթութեան բարելաւման վերաբերեալ։

Քննարկումներ ծաւալուեցան եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու համատեսքին մէջ կարգաւորման ենթակայ խնդիրներու շուրջ։ Ժողովականները կարեւորեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն առընչուող հարցերով աշխատանքային խումբերու հետեւողական աշխատանքը՝ ի նպաստ հայրենի երկրի եւ բարեպաշտ ժողովուրդի։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ «Քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու խումբ» անուան տակ հանդէս եկող հասարակական որոշ կազմակերպութիւններու կողմէ «ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի՝ Համընդհանուր պարբերական դիտարկման 35-րդ նիստին» ընդառաջ պատրաստուած զեկոյցին։

Եպիսկոպոսաց հաւաքի մասնակիցներուն կողմէ արձանագրուեցաւ, որ յիշեալ զեկոյցին մէջ տեղ գտած են շարք մը խնդրայարոյց գնահատականներ եւ դիտարկումներ։ Բացարձակապէս անընդունելի ու դատապարտելի նկատուեցաւ զեկոյցին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ դերի եւ առաքելութեան ոչ-ճշգրիտ եւ նենգափոխուած ներկայացումը, ինչ որ ինքնին խտրականութեան եւ ատելութեան դրսեւորում է Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր՝ թիւով ճնշող մեծամասնութիւն հանդիսացող հետեւորդներուն դէմ։

Ժողովականները հաստատեցին, որ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ առանձնայատուկ կարգավիճակը բացարձակապէս չ՚ենթադրեր կրօնական կազմակերպութիւններու դէմ խտրական վերաբերմունք, այլ՝ գերազանցապէս Հայ Եկեղեցւոյ թէ՛ անցեալի եւ թէ ներկայի դերի արձանագրումն է հայրենի պետութեան եւ անոր քաղաքացիներուն կողմէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020