ՓՐԿՉԻՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի դէպի Երուսաղէմ այցելութիւնը կը շարունակուի վառ ապրումներով ու խոր տպաւորութիւններով։ Արդարեւ, սա վերածուած է ուղեւորութեան մը՝ Տէր Յիսուսի հետքերուն վրայ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի եւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան կողմէ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կը հիւրընկալուին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ իրեն ընկերակից հոգեւորականները, նաեւ պոլսահայ ուխտաւորները։ Սուրբ Ծննդեան մեծահանդէս տօնակատարութիւններէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները արդէն ուխտագնացութեան ձեռնարկած են դէպի Սուրբ Երկրի հիւսիսային հատուածները։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները երէկ այցելութեան մը ձեռնարկեցին դէպի Թաբոր լեռը, Նազարէթ եւ այլ կարեւոր սրբավայրեր, որոնք կը գտնուին Սուրբ Երկրի հիւսիսին։ Պայծառակերպութեան լեռ տրուած այցելութիւնն ալ իսկապէս առանձնացաւ այս շրջանակին մէջ։ Երէկ երեկոյեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները արդէն Երուսաղէմի մէջ չգիշերեցին։ Երէկուան իրերայաջորդ այցելութիւններէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները այսօր ալ կը շարունակեն իրենց շրջագայութիւնը Երուսաղէմէն դուրս եւ երեկոյեան ժամերուն կը հասնին Սուրբ Քաղաք։

Իսկ վաղը Նորին Ամենապատուութեան ուղեւորութեան դարձեալ իւրայատուկ փուլերէն մին պիտի ապրուի։ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներուն հետ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ իրեն ընկերակից հոգեւոր հայրերը պիտի այցելեն Յորդանան գետը։ Այստեղ տեղի պիտի ունենայ աւանդական արարողութիւն մը՝ ի նշանաւորումն Տէր Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Երուսաղէմի միաբանները Յորդանան գետի Իսրայէլի կողմէն, իսկ Յորդանանի հայոց թեմի հոգեւորականներն ալ՝ լիճի այդ կողմի ափէն փոխն ի փոխ կը կատարեն այս աւանդական ու խորախորհուրդ արարողութիւնը։ Այս տարուանը, ուրեմն, կ՚ունենայ արտասովոր նշանակութիւն՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գահակալին եւս մասնակցութեան բերումով։

Հարկ է յիշեցնել, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դէպի Երուսաղէմ ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին՝ Ս. Ծննդեան տօնի ութօրէքին առթիւ պիտի պատարագէ Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Լոյս գերեզմանին վրայ։

Ըստ Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ հաղորդուած մանրամասնութիւններուն, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Հին տոմարով Ս. Ծննդեան արարողութեան մասնակցելէ ետք, քաղաքէս եւ զանազան երկիրներէ ուխտաւորներու հետ մեկնեցաւ Գալիլիոյ շրջանը՝ այցելելու համար սուրբգրական վայրեր։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանան հոգեւոր հայրեր։ Մեր Հոգեւոր Պետը, հոգեւոր հայրեր եւ 46 հոգինոց ուխտաւորներու խումբը երէկ առաւօտ կանուխ ճամբայ ելաւ դէպի Գալիլիոյ շրջան։

ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԼԵՌ

Հանգիստ ճամբորդութենէ ետք, ուխտաւորներ ժամը 09.30-ին հասան Թաբոր լեռ, ուր Տէր Յիսուս Քրիստոս իր երեք առաքեալներուն ներկայութեան պայծառակերպուած էր, ինչպէս արձանագրուած է սուրբ աւետարաններուն մէջ։ Տաճարի Ս. Մովսէս մարգարէի մատրան մէջ երգուեցան Ս. Պատարագի ճաշու բաժինէն հոգեւոր երգեր, ապա Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան կարդաց Աւետարանական բաժինը, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան բացատրութիւններ տուաւ ներկայ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին, ապա Նորին Ամենապատուութիւնը կարճ հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեց։

ՆԱԶԱՐԷԹ

Ուխտաւորներու խումբը մեկնեցաւ Նազարէթ, ուր անցած էին Տէր Յիսուս Քրիստոսի մանկութեան տարիները։ Այստեղ կային նաեւ այլ սրբավայրեր։

Աւետման եկեղեցի.- Նազարէթի մէջ այսօր գոյութիւն ունի հսկայ տաճար մը, կառուցուած Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր տան վրայ եւ ձօնուած է Աւետման։ Երկյարկանի տաճարի գետնայարկին մէջ յայտնաբերուած է Ս. Կոյսի տան վայրը։ Իսկ Երկրորդ յարկին վրայ կայ դատաստանի օրուան հսկայ սրբանկար մը։

Այստեղ ուխտաւորներ երգեցին Ս. Կոյս Աստուածամօր ձօնուած «Ս. զԱստուածածինն օրհնութեամբ մեծացուցանեմք» շարականը, ապա Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան կարդաց Աւետարանական բաժինը, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան բացատրութիւններ տուաւ ներկայ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին, ապա Նորին Ամենապատուութիւնը կարճ հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեց։

Տաճարը կը կոչուի նաեւ Ազգերու եկեղեցի եւ արտաքին գաւիթին մէջ կան զանազան ազգերու, իրենց մշակոյթով գծագրուած Տիրամօր ու Յիսուս Մանուկի նկարները։ Քանի մը տարի առաջ այստեղ տեղադրուած էր նաեւ հայկական ոճով յախճապակեայ Տիրամօր սրբանկարը, որուն առջեւ հոգեւոր հայրեր նկարուեցան։

Յովսէփի տունը.- Աւետման տաճարին մերձակայ կայ Ս. Յովսէփ Աստուածահօր տունը, ուր եւս այցելեցին ուխտաւորներ եւ աղօթք վերառաքեցին։ Անոնք տեսան նաեւ եկեղեցւոյ գետնայարկին Ս. Յովսէփի շրջանէն մնացած տան հիմերն ու պատերու մնացորդացը։

ԿԱՆԱ

Ուխտագնացութեան այս օրուան վերջին կայանն էր Կանա գիւղը, ուր Տէր Յիսուս Քրիստոս գործած էր իր առաջին հրաշքը՝ ջուրը գինիի փոխելով։ Փոքրիկ եկեղեցին այցելելէ ետք, ներսը Ս. Պատարագի ժամ ըլլալուն, Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան արտաքին գաւիթին մէջ կարդաց Աւետարանական բաժինը, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան բացատրութիւններ տուաւ ներկայ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին, երգուեցաւ «Տէր ողորմեա», ապա Նորին Ամենապատուութիւնը կարճ հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեց։

ՄԱԿՏԱԼԱ-ՀԻՒՐԱՆՈՑ

Յոգնեցուցիչ, սակայն հոգեւոր ապրումներով լեցուն օրուան աւարտին, ուխտաւորներ իջեւանեցան Մակտալա գիւղի հիւրանոցը։ Այս գիւղը առաւել եւս ծանօթ է որպէս ծննդավայրը Մարիամ Մագթաղենացիի։

Այստեղ ընթրիքէ ետք, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացաւ հիւրանոցի մատուռներու հոգեւոր հովիւը, որ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ հիւրանոցին ներքին պարտէզին մէջ յայտնաբերուած Առաջին դարու սինակոկի մնացորդացի, նոր եւ նաւանման կառուցուած խորանով մատրան եւ միւս մատուռներու, ինչպէս նաեւ շրջանի պատմական քարտէսի հսկայածաւալ խճանկարի մասին։

Ուխտաւորներ վաղը եւս պիտի շարունակեն շրջանի սրբավայրերը այցելել, յետոյ պիտի վերադառնան Երուսաղէմ։

Շաբաթ, Յունուար 21, 2023