ՄԵՂՔԷՆ ՀՐԱԺԱՐԻԼ ՈՒ ԱՊՐԻԼ

Մեծ Պահքի 2-րդ օրն է:

Այսօրուան Աստուածաշնչական ընթերցումին մէջ կը կարդանք.

«Այն անձը որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի: Որդին հօրը անօրէնութիւնը պիտի չկրէ ու հայրը որդիին անօրէնութիւնը պիտի չկրէ: Արդարին արդարութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ ու ամբարիշտին ամբարիշտութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ: Եթէ ամբարիշտը իր գործած բոլոր մեղքերէն դառնայ ու Իմ բոլոր օրէնքներս պահէ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի: Անոր ըրած բոլոր յանցանքները պիտի չյիշուին, հապա անիկա իր ըրած արդարութիւնովը պիտի ապրի: Միթէ Ես ամբարիշտին մեռնիլը կ՚ուզե՞մ, կ՚ըսէ Տէր Եհովան: Չէ՞ որ Ես կ՚ուզեմ որ անիկա իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի» (Եզ 18.20-23):

Պարզ ու յստակ է, այն անձը որ մեղք կը գործէ՝ պիտի մեռնի, իսկ մահ այստեղ ո՛չ թէ միայն ֆիզիքականին կը վերաբերի, այլ առաւել եւս՝ հոգեւինին, որովհետեւ մեղքին մէջ, կամ մեղքով մեռնող հոգին յաւիտենական տանջանքի ու չարչարանքներու պիտի ենթարկուի, ինչ բանը հոգիին համար մնայուն մահ է, որ վախճան չունի: Սուրբ Գրիգոր Աստուածաբանը կը գրէ. «Իւրաքանչիւր մեղք հոգիին համար մահ է»:

Մեր մէջ կայ սխալ ըմբռնողութիւն մը, որով կը կարծենք, թէ հօր մեղքին վարձատրութիւնը որդին պիտի կրէ, կամ հակառակը: Եզեկիէլ Մարգարէին բերանով սակայն, Տէր Աստուած յստակ կերպով կ՚ըսէ, թէ՝ որդին հօրը անօրէնութիւնը պիտի չկրէ ու հայրը որդիին անօրէնութիւնը պիտի չկրէ: Արդարին արդարութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ ու ամբարիշտին ամբարշտութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ. իւրաքանչիւր մարդ ինքն իր գործածներուն հետեւանքը պիտի կրէ, եթէ բարիք ու արդարութիւն գործած է՝ բարիով ու արդարութեամբ պիտի վարձատրուի, իսկ եթէ չարիք ու ամբարշտութիւն գործած է՝ իր գործած չարիքին ու ամբարշտութեան հետեւանքը ի՛նք պիտի կրէ: Որդիները կամ հայրերը մասնակից կը դառնան իրարու մեղքի վարձատրութեան կրումին ա՛յն ատեն միայն, երբ իրենք եւս համաձայնին ու նոյն մեղքի մէջ մնան, առանց զղջալու ու ապաշխարելու:

Սակայն, եթէ ամբարիշտ հայրը կամ որդին, եւ կամ իւրաքանչիւր ամբարիշտ գիտակցի իր մեղսալից ահաւոր վիճակին, ծունկի գայ, զղջայ ու ապաշխարէ, ապա Տէր Աստուած պիտի ընդունի զինք ինչպէս ընդունեց անառակ որդին, որ մսխելով իր ամբողջ ունեցուածքը անտուն ու անտէր մնացած էր, եւ մերժուելով բոլորէն, իր Հօր ձեռքերը բաց գտաւ՝ գրկելու, սփոփելու եւ մխիթարելու համար զինք, քանի որ Տէրը կ՚ըսէ, թէ՝ Ես կ՚ուզեմ որ անիկա [ամբարիշտը, մեղաւորը] իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի:

Պահեցողութեան այս ընթացքը, հետեւաբար, օգատագործենք մեր ամբարշտութիւններէն ու մեղքերէն մաքրուելու, հրաժարելու եւ վերադառնալու Աստուծոյ՝ որպէսզի ապրինք յաւիտեան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

13 Փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2023