ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՇՐՋԱՆԻ ՍԿԻԶԲԻՆ ԱՌԹԻՒ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մեծ պահքի շրջանի սկիզբին առթիւ երէկ հանդէս եկաւ պատգամով մը, զոր կարդալ ստորեւ։

*

Սիրելիներ,

Մուտք կը գործենք Մեծ պահքի շրջան։ Այս ժամանակամիջոցը քրիստոնեայի կեանքին մէջ կարեւոր հանգրուան մըն է սրբութեան ու կատարելութեան աստուածապատուէր ճանապարհին։ Պահքի մէջ աղօթական խոկումներով, ինքնաքննութեամբ ու երկնային շնորհներու հայցով զօրութիւն կը ստանանք ի կատար ածելու համար Քրիստոսի յորդորն ու պատգամը. «Արդ, կատարեա՛լ եղէք դուք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրն է կատարեալ» (Մատթ. 5.48)։

Կատարելութեան ուղին կը սրբազնաւորուի զղջումով ու ապաշխարութեամբ, որոնցմով կը սրբագրուի մտքի, խօսքի եւ գործի սխալներն ու սայթաքումները։ Յատկապէս այս խորհրդաւոր շրջանին, աւետարանական առակի օրինակով (Ղուկ. 15.11-32) առ Երկնաւոր Հայրը դառնալով Տիրոջմէ կը խնդրենք գթութեամբ ներել մեր մեղքերը, մաքուր սիրտ հաստատել մեր մէջ։ Կը հայցենք լուսաւորել մեր միտքը, ամրացնել մեր կամքը՝ ընթանալու տէրունաւանդ պատուիրաններով։ Պահեցողութեան այս շրջանին Հայրապետիս յորդորն է ու պատգամը՝ իրարու հանդէպ ըլլալ առաւել հոգատար, ազնիւ ու յարգալից, բարութիւնն ու սէրը դարձնել հիմը փոխյարաբերութիւններու եւ ամուր պահել նուիրումն ու հաւատարմութիւնը առ Աստուած, ազգն ու հայրենին։ Մեր օրերուն, երբ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը վիրաւոր են մեզ պատուհասած պատերազմի արհաւիրքներէն՝ աղօթական կեանքով Աստուծոյ հետ մշտական երկխօսութեան մէջ ըլլանք, զերծ մնանք ամէն չար ու վատ մտածումէ ու գործէ՝ միասնաբար նորոգելու համար հայրենական ու ազգային մեր կեանքը, դիմագրաւելու մեր դէմ յառնած նեղութիւնները եւ մեր հարազատ երկիրը՝ Հայաստանն ու Արցախը դարձնելու «յոյսի հայրենիք, լոյսի հայրենիք»։

Աղօթենք, որ Ամենակալն Աստուած Իր ողորմութիւնն ու պահպանութիւնը տարածէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին վրայ, պարգեւէ անվտանգ ու բարօր կեանք եւ խաղաղութեան մէջ պահէ մեր երկիրը։ Թող Փրկիչ մեր Տէրը ընդունի մեր սիրտերու խնդրանքն ու հայցը, արժանի դարձնէ Իր կենսատու եւ փրկարար շնորհներուն եւ զօրացնէ ամէնքս՝ Մեծ պահքի միջոցաւ հասնելու յուսառատ Սուրբ Յարութեան տօնին։

«Շնորհք, ողորմութիւն, խաղաղութիւն յԱստուծոյ ի Հօրէ եւ ի Տեառնէ Յիսուսէ Քրիստոսէ Որդւոյն Հօր, ճշմարտութեամբ եւ սիրով եղիցին ընդ ձեզ» (Բ Յովհ. 3), այսօր եւ միշտ. ամէն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2023