ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Հայ քրիստոնեայ հաւատացեալները այսօր կը դիմաւորեն Աւագ շաբաթը։ Մեծ պահոց հոգեւոր ապրումներով լի ժամանակաշրջանի վերջին շաբաթը բոլորին կողմէ կը դիմաւորուի խոր երկիւղածութեամբ։ Այս շաբթուան ընթացքին Հայ Եկեղեցին կը նշէ կամ կը վերյիշէ այնպիսի իրադարձութիւններ, որոնք քրիստոնէական հաւատքի առանցքը կը բնորոշեն։ Բոլոր հաւատացեալները Աւագ շաբաթ կը թեւակոխեն՝ արդէն շաբաթավերջին զիրար Ս. Յարութեան աւետիսը ողջունելու սպասումով։
Իսկ երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Ծաղկազարդը, որ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնն է։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Ծաղկազարդի տօնը տարիներէ ի վեր միեւնոյն ժամանակ կը նշուի որպէս մանուկներու օրհնութեան օր։ Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ծաղկազարդի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Միածնաէջ Մայր Տաճարի շրջափակէն ներս, առաւօտեան ժամերգութենէն վերջ Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Անդաստան եւ մանուկներու օրհնութեան յատուկ կարգ։ Շարականի երգեցողութեան եւ օրուայ խորհուրդին համահունչ աւետարանական հատուածներու ընթերցումներէն վերջ օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը, ապա Վեհափառ Հայրապետը բաշխեց իր օրհնութիւնը Էջմիածնէն եւ Հայաստանի այլ բնակավայրերէն Մայր Աթոռ ժամանած մանուկներուն։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց մայրավանքէ ներս համախմբուած մանուկներն ու անոնց ծնողները, ներկայացուց օրուան խորհուրդը։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ Աստուած օրհնէ բոլոր մանուկները, Աստուծոյ սէրը, շնորհն ու ողորմութիւնը մշտապէս ըլլան բոլորին հետ եւ հայ մանուկները ապրին Տիրոջ օրհնութեան ներքեւ՝ վայելելով իրենց ծնողներուն սէրը, գուրգուրանքն ու խնամքը։ Տէրունական աղօթքէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը մանուկներուն ընծայեց խաչեր։
Այնուհետեւ, Մայր Տաճարի մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ գլխաւորուած հոգեւորականաց թափօրը առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար, ուր պատարագեց եւ քարոզեց Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։
Յաւարատ Ս. Պատարագի, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ վերստին կատարուեցաւ մանուկներու օրհնութեան արարողութիւն մը, որուն ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակին կողմէ ձեռնարկուած «Ծաղկազարդը Մայր Աթոռի մէջ» ծրագրին մասնակիցները։ Այս առթիւ Մայր Աթոռ ժամանած էին Հայաստանի զանազան թեմերէն համեստ ընտանիքներու երեք հարիւր մանուկներ, որոնցմէ հարիւրը սուրիահայեր էին։
Օրհնութեան կարգէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց մանուկները եւ անոնց ներկայացուց տօնին խորհուրդը։ Ան ըսաւ, թէ Ծաղկազարդի օրով Յիսուս մուտք կը գործէ հոգիի տաճարներ, նաեւ եկեղեցիներ։ Այս կապակցութեամբ Վեհափառ Հայրապետը Երկնաւոր Տիրոջմէ հայցեց, որպէսզի իր խաղաղութիւնը հեղէ աշխարհի զանազան կողմերուն պատերազմի տառապանքներ կրող ժողովուրդներու կեանքին։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ Երկնաւոր Տէրը մուտք գործէ բոլորի սրտերէն ներս եւ սրբագործէ բոլոր չար մտածումներն ու խորհուրդները, որպէսզի անոնք կարենան մաքուր սրտով կառուցել իրենց կեանքը, զօրացնեն երկիրը, բարօր ու շէն դարձնեն ազգային կեանքը։
Խօսելով մանուկներուն նմանելու տէրունապատուէր կոչին մասին՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Սիրենք մեր մանուկները, ինչպէս Տէրը սիրեց եւ մշտական գուրգուրանքի առարկայ դարձնենք զանոնք։ Ոչ միայն ծնողները, այլ նաեւ իւրաքանչիւր հայորդի իր կարողութիւններու եւ հնարաւորութիւններու սահմանին մէջ թող նպաստէ, որպէսզի մեր մանուկները երջանիկ ապրին, հասակ առնեն սիրոյ մէջ, դառնան մեր ազգի եւ եկեղեցւոյ արժանաւոր զաւակները»։
Նոյնպէս երէկ, Էջմիածին քաղաքի «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆաեան» հայորդեաց տան երդիքին տակ մանուկներուն համար կազմակերպուեցաւ տօնական համերգ մը, որու մասնակիցները ստացան նաեւ նուէրներ։
ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ ալ երէկ ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ծաղկազարդի առթիւ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղի բնակիչ շուրջ հարիւր մանուկներ համախմբուեցան եկեղեցւոյ յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Այս առթիւ Հայր Սուրբը անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնը։ Մանուկներուն բաժնուեցան ձիթենիի ճիւղեր եւ տուրմեր։