ԳՀԽ-Ի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ), նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, անդրադառնալով 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն յետոյ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն, աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, կ՚արձանագրէ՝

- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց դատապարտելի թշնամական վերաբերմունքը Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի դէմ։ Եռակողմանի յայտարարութեան (հրադադարի) ստորագրումէն յետոյ Ատրպէյճան պարբերաբար սադրանքներ կը հրահրէ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն, կը թիրախաւորէ նաեւ խաղաղ բնակչութիւնը, կը շարունակէ պահել ռազմագերիները, իր վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներէ ներս կ՚ոչնչացնէ եւ կ՚իւրացնէ հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը,

- Աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու համատեսքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններն ու համազգային կառոյցները պէտք է զգօնութիւն դրսեւորեն, որպէսզի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկման առարկայ չդառնայ,

- Խաղաղութիւնը չի կրնար հաստատուիլ ազգային արժանապատուութեան նուաստեցման հաշուոյն, հայրենի պետութեան տարածքային ամբողջականութեան դէմ չդադրող ոտնձգութիւններու, ռազմագերիներու առկայութեան, Ատրպէյճանի շարունակական սպառնալիքներու եւ հայատեացութեան քարոզչութեան պայմաններուն ներքեւ։ Խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուի արդարութեան, արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու յարգման սկզբունքներուն վրայ,

- Անկախ առկայ ճնշումներէ եւ արտաքին սպառնալիքներէ, առաւել եւս հասարակական ներքին բեւեռացման պայմաններուն ներքեւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները հարկ է, որ չձեռնարկեն հայոց անկախ պետականութիւնը եւ Արցախի ապագան վտանգող քայլերու, չդրսեւորուի զիջողականութիւն, ազգի հիմնարար իրաւունքներու եւ պատմական արդարութեան հետապնդման յանձնառութեան մէջ։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, խիստ մտահոգուած ստեղծուած բարդագոյն իրավիճակով, հայրենիքի ներքին քաղաքական զարգացումներով եւ ապաւինելով Բարձրեալ Տիրոջ ողորմութեան ու մեր ժողովուրդի իմաստութեան, կը յորդորէ՝

- Առաջնային նկատել ազգային ու պետական շահը, գործել խղճի մտքով ու պատասխանատուութեամբ, խնդիրներու արժանապատիւ լուծումները փնտռել բացառապէս մեր համընդհանուր կամքի արտայայտման ու համախոհութեան մէջ,

- Հայրենիքի, թէ սփիւռքի մէջ ամենայն ջանք ի գործ դնել զօրացնելու մեր ազգային միաբանութիւնը՝ վերացնելով պառակտող հատուածականութիւնը, լուծելու հայրենիքի հզօրացման, միջազգային հարթակներու վրայ եւ ամէնուրեք հետեւողականօրէն բարձրաձայնելու մեր ժողովուրդի իրաւունքներու ոտնահարման մասին, հետամուտ ըլլալու Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու հատուցման, պայքարելու յանուն մեր ինքնութեան ու հոգեւոր-ազգային արժէքներու պահպանութեան,

- Ներքին քաղաքական գործընթացներու մէջ, խաղաղ հաւաքներուն, անկախ քաղաքական հայեացքներէ կամ պաշտօնական գործառոյթներէ, դրսեւորել հանդուրժողականութիւն, օրինապահութիւն, յարգանք իրարու իրաւունքներու նկատմամբ՝ բացառելով որեւէ տեսակի բռնութիւն, անհամաչափ ուժի կիրառում, սադրանք եւ օրինախախտութիւն։ Ատելութեան խօսքը, վիրաւորանքը եւ թշնամանքի հրահրումը երբեք բարիք չեն կրնար ըլլալ։

ԳՀԽ կոչ կ՚ընէ հաւատաւոր մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդին՝ շարունակել աջակից ու սատար ըլլալ Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն եւ պատրաստակամ յանձնառութիւններով նպաստ ու ներդրում բերել Արցախի Հանրապետութեան զօրացման, խաղաղ ու ապահով կեանքին։

Կ՚աղօթենք մեր երկրի խաղաղութեան ու յառաջընթացին համար եւ կը հայցենք Բարձրեալն Աստուծոյ օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը մեր ժողովուրդին։

Թող հայրենիքի համար աղօթքը մշտահունչ ըլլայ մեր ազգի զաւակներու շուրթերուն։

Շաբաթ, Մայիս 21, 2022