ԶԳՕՆՈՒԹԻՒՆ ԴՐՍԵՒՈՐԵԼՈՒ ՅՈՐԴՈՐ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ իր աւարտին հասաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որու քառօրեայ աշխատանքը տեղի ունեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, նստաշրջանը բացուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքով։ Նիստերուն ատենապետեցին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան։

Ժողովականները քննութեան առին Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ Միւռոնօրհնութեան կազմակերպութեան աշխատանքներու ընթացքը։ Այս բոլորին շուրջ համապարփակ տեղեկութիւններ փոխանցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ ու Վանական խորհուրդի ատենապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Ի գիտութիւն ընդունելով զեկոյցը՝ ԳՀԽ-ի անդամները մասնաւորապէս գոհունակութիւն յայտնեցին, որ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութիւնն ու շրջափակի բարեկարգման աշխատանքները կը մօտենան իրենց աւարտին։ Այս կապակցութեամբ անոնք գնահատեցին այս սրբազան առաքելութեան արդիւնաւորման ուղղութեամբ իրենց նպաստը բերած բոլոր կառոյցներն ու անհատները։ Քննարկելով յառաջիկայ Միւռոնօրհնութեան արարողութեան վերաբերեալ հարցերը՝ ԳՀԽ որոշեց Միւռոնօրհնութիւնը կազմակերպել 2023 թուականին, երբ կը լրանայ նաեւ Մայր Տաճարի հիմնադրութեան 1720-ամեակը։

Նստաշրջանի օրերուն Արցախի թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան զեկուցեց Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակին շուրջ՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով ներկայ մարտահրաւէրներուն ու անոնց յաղթահարման ի նպաստ հոգեւոր, բարոյահոգեբանական, մարդասիրական եւ ընկերային աջակցութեան ծրագրերու կարեւորութեան։ Ան տեղեկութիւններ փոխանցեց թեմէն ներս քահանաներու հովուական ծառայութեան եւ առաքելութեան վերաբերեալ՝ իրազեկելով նաեւ երիտասարդութեան հոգեւոր դաստիարակութեան ուղղեալ ծրագրերու մասին։ Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պղծման, իւրացման ու ոչնչացման դէպքերուն՝ կարեւորելով միջազգային հանրութեան դերակատարութիւնը Պաքուի որդեգրած այս քաղաքականութիւնը կանխելու տեսակէտէ։

ԳՀԽ գնահատանքով ընկալեց Արցախի թեմի հոգեւոր սպասաւորներու կողմէ զանազան ոլորտներէ ներս իրականացուած խնամատար նուիրեալ գործունէութիւնը։ Ժողովականները յորդորեցին Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմակալ առաջնորդներուն՝ շարունակել ջանքեր ներդնել՝ զանազան ծրագրերու միջոցաւ զօրակցելու համար Արցախի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի թեմերուն կողմէ պարբերաբար ուխտագնացութիւններ կազմակերպել դէպի Արցախ։ ԳՀԽ նաեւ կարեւորեց Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղեալ գիտաժողովներու կազմակերպումը՝ ընդգծելով խնդրի հետեւողական արծարծման անհրաժեշտութիւնը միջազգային, միջեկեղեցական ու միջկրօնական հարթակներու վրայ։

Հայաստանի եւ Արցախի թեմերէն ներս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կրթադաստիարակչական առաքելութեան առաւել զօրացման վերաբերեալ զեկուցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան, որ խօսեցաւ հանրակրթական դպրոցներէ ներս «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի դասաւանդման, առկայ խնդիրներու եւ այդ առարկան դասաւանդող ուսուցիչներու ժրաջան ու նախանձախնդիր աշխատանքի մասին։ Ան ժողովականներուն տեղեկացուց Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի կողմէ՝ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ուսուցիչներու հետ կանոնաւոր կազմակերպուող հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ թեմերու քրիստոնէական դաստիարակութեան պատասխանատուներու հետ առկայ գործակցութեան ու նախանշուած համատեղ ծրագրերու մասին։

ԳՀԽ-ի անդամները կարեւորեցին հոգեւոր դաստիարակութեան ծրագրերու խթանումը եւ ազգային-հոգեւոր արժէքներու պատշաճ ջամբումը մատաղ սերունդին։ Ուստի, անոնք թելադրեցին շարունակել համապատասխան աշխատանքները։ Խորհուրդը մասնաւորապէս ողջունեց թեմերէ ներս քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոններու եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու առաւել համակարգուած գործունէութեան կրթական ծրագրի նախապատրաստման նախաձեռնութիւնը՝ յորդորելով համապատասխան մասնագէտներու ներգրաւմամբ ամբողջացնել ծրագիրը եւ հրատարակութեան պատրաստել անհրաժեշտ կրթական ձեռնարկներն ու տեղեկատուական նիւթերը։

Նստաշրջանի օրերուն քննարկուեցան նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վարչական, կանոնական ու հովուական կեանքին վերաբերեալ հարցեր։

Անդրադառնալով աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն ու 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն յետոյ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն՝ ԳՀԽ առանձին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին առընչութեամբ։

Շաբաթ, Մայիս 21, 2022