ԱՐԵՒԵԼԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի շրջանաւարտներն ու դասախօսական անձնակազմը՝ գլխաւորութեամբ ֆաքիւլթէի տեսուչ փրոֆ. Ռուբէն Մելքոնեանի։ Վեհարանի մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ զուգադիպեցաւ Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի հիմնադրման 55-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի միջեւ գոյութիւն ունի ձեւաւորուած համագործակցութիւն։ Արդարեւ, ֆաքիւլթէի շրջանաւարտները կը դասաւանդեն Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ, ինչ որ կարեւոր է կապեր ձեւաւորելու առումով՝ ապագայ եկեղեցականներու եւ արեւելագէտներու միջեւ։

Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ շրջանաւարտներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան եւ համաշխարհայնացման պայմաններու ներքեւ ազգային ինքնութեան պահպանման ուղղեալ Մայր Աթոռ Սուրջ Էջմիածնի ջանքերուն։ Երիտասարդներու ուշադրութեան առարկայ էր նաեւ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2023