ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՇԱՐՔԵՐՈՒ ՀԱՄԱԼՐՈՒՄ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնի օրուան զուգադիպեցաւ ձեռնադրութիւնը, որուն հանդիսապետեց լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան։ Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի աւագ խորանին վրայ պատարագեց Տ. Թէոդորոս Ծայրագոյն Վարդապետ Զաքարեան։ Արարողութեան ընթացքին լուսարարապետ սրբազան հայրը Սուրբ Աթոռի երկու միաբանները սարկաւագ ձեռնադրեց։ Խարտաւիլակն էր Տ. Կորիւն Ծայրագոյն Վարդապետ Պաղտասարեան։

Նորընծայ սարկաւագները այս առթիւ առարկայ դարձան Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներու ջերմ վերաբերմունքին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2023