ԸՆԴ ԵՐԿԱՅՆ ԱՒՈՒՐՍ
Այսօր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ծննդեան տարեդարձն է։ Ան կը դառնայ 72 տարեկան։ Թէեւ տարուան մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցը ունի Հայրապետական մաղթանքի համար սահմանուած յատուկ թուականներ, սակայն, շուրջ քառորդ դարէ ի վեր անոնց վրայ եկած է աւելնալ օգոստոսի 21-ը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հօտը այսօր եւս կ՚աղօթէ իր Ընդհանրական ու Շնորհազարդ Հայրապետին արեւշատութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան համար։
Հայ իրականութեան առկայ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման, աւելի քան երբեք կենսական նշանակութիւն ունի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին շուրթերէն արտասանուած, սրտէն հնչած եւ մտքէն բարձրացած առ Աստուած աղօթքը։ Անշուշտ, այդ աղօթքին ուժը չի կրնար բիւրեղանալ՝ առանց փոխադարձ սրտաբուխ աղօթքներու եւ Հայրապետին հետ հոգեւոր ամուր միասնականութեան ու հաղորդակցութեան։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին մարմնաւորած կերպարը այսօր հոգեւոր-բարոյական ամուր կռուան մըն է՝ դիմադրելու, համբերելու եւ ազգին նաւը խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդելու ուղղեալ ջանքերուն տեսակէտէ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը այսօր արձագանգած է Նորին Սրբութեան ծննդեան տարեդարձին։ Մենք ալ կու գանք որդիական ամենախորին յարգանքով միանալ բարեմաղթանքներուն՝ անկեղծօրէն հայցելով, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի գահուն վրայ Վեհափառ Հայրապետը ունենայ բազում տարիներ՝ ծաղկուն գաւազանով եւ հեռատեսութեամբ հովուելու համար իր միլիոնաւոր զաւակները, որոնք աշխարհի չորս ծագերուն ուղղած են իրենց հայեացքը դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ու կը հաւատան, թէ կ՚ապրին իրենց Հայրապետին սուրբ եւ օծեալ Աջի օրհնութեան ու զօրութեան տակ։