ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները գլխաւորեց Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 21, 2023