ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Հոլանտայի Մաաստրիխտ քաղաքին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Խաղաղութեան համերգ» մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Քաղաքի Ս. Սերվատի մայր տաճարի երդիքին տակ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը՝ հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի եւ Հոլանտայի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեանի։ Մաաստրիխտի «Ս. Կարապետ» եկեղեցական խորհուրդի, «Անի» հայ համայնքի եւ գերմանահայ կանանց «Սիլվա Կապուտիկեան» միութեան ջանքերով կազմակերպուած երեկոյթի ընթացքին ելոյթ ունեցան Քէօլնի «Լոյս» նուագախումբը (ղեկավար՝ Արտակ Ոսկանեան) եւ մեներգչուհի Տաթեւիկ Աշուրեան, որ հրաւիրուած էր Հայաստանէն։

Համերգէն առաջ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան «Ս. Կարապետ» եկեղեցական խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Սարգիս եւ գերմանահայ կանանց «Սիլվա Կապուտիկեան» միութեան ատենապետուհի Այլին Պերտուտ-Մերինօ։

Համերգին ներկայ գտնուեցան դեսպան Տիգրան Բալայեան, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Հոլանտայի երեսփոխաններէն Մարթայն ֆան Հելֆերտ, Գերմանիոյ հայոց թեմի առանջորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան, շրջանի կաթողիկէից վիճակաւոր Հարի Եպսկ. Սմիթս, ինչպէս նաեւ հայ կամ կաթոլիկ հոգեւորականներ, հոլանտացի երաժշտասէրներ, օտարերկրեայ հիւրեր եւ Մաաստրիխտի հայ համայնքէն անդամներ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հանդէս եկաւ փակման խօսքով։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց կաթողիկէից վիճակաւորին եւ տաճարի լուսարարապետ Հայր Ճոն Տաուզենպերկին՝ հնագոյն եւ գեղակառոյց այս տաճարէն ներս ցուցաբերուած ջերմ հիւրընկալութեան համար։ Նորին Սրբազնութիւնը նշեց, որ տաճարէն ներս պահուած են ծագումով հայ սուրբի մը մասունքները։ Ան վստահեցուց, թէ Ս. Սերվատի հոգին ցնծացած է՝ ընկալելով այն միասնական ոգին, որ կը տիրէ այնտեղ եւ որու խորհրդանիշը կը ներկայանայ Արեւելքէն մեկնած եւ չորրորդ դարուն Հոլանտայի առաջին եպիսկոպոսը դարձած այս սուրբը։ «Ուր որ կայ այս ոգին, կայ հանդուրժողութիւն, փոխըմբռնում եւ հետեւաբար խաղաղութիւն», նշեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ իր խօսքի աւարտին հայ եւ կաթոլիկ հոգեւորականները հրաւիրեց խաղաղութեան համար միասնական աղօթքի։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020