ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Հայաստանի Անկախութեան տօնին առթիւ հրապարակեց հետեւեալ պատգամը։ Մինչ այդ, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ նաեւ Հանրապետական մաղթանք՝ Ս. Գայիանէի պատմական վանքի սրբազան կամարներուն ներքեւ, ուր Նորին Սրբութիւնը ծնրադիր աղօթեց հայոց պետականութեան անսասանութեան համար։

*

Սիրելի ժողովուրդ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս,

Այս տարի կը լրանայ մեր անկախ պետականութեան վերահաստատման 30-ամեակը։ Երեք տասնամեակ առաջ մեր ժողովուրդը միաբան կամքով, համախումբ եւ միասնական ընտրեց անկախութեան վերակերտման ճանապարհը՝ խանդավառութեամբ եւ ոգեշնչումով իրագործելու իր դարաւոր իղձն ու երազանքը։

Պետականաշինութեան, հայրենակերտումի դժուարին ուղին անցած մեր ժողովուրդը, դիմագրաւեց բազում մարտահրաւէրներ, յանձն առաւ մեծ զոհողութիւններ։ Պանծալի յաղթանակներու, յաջողութիւններու ու ձեռքբերումներու հետ ունեցանք նաեւ բացթողումներ, սխալ ընթացքներ թէ՛ հայրենական անդաստանի մէջ եւ թէ միջազգային հարթակներու վրայ։

Անցեալ տարի ազգովին ենթարկուեցանք նոր փորձութեան։ Ատրպէյճան վերստին պատերազմ սանձազերծեց Արցախի Հանրապետութեան դէմ։ Աղէտալի պատերազմի ծանրագոյն հետեւանքները եւ ամէն օր նորովի արնահոսող վէրքերը բոլորովին նոր իրավիճակ մը ստեղծած են մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Մեր սրտերուն մէջ է մեր կորուստներու, մեր զոհուած նահատակներու, գերեալներու եւ անյայտ կորսուածներու խոր ցաւը, ապագայի անորոշութեան անհանգստութիւնը, բայց նաեւ՝ վճռականութիւնը վերստին ոտքի կանգնելու, թօթափելու մեզ պատուհասած արհաւիրքներն ու նեղութիւնները եւ ապահովելու պայմաններ, որպէսզի մեր ժողովուրդը Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ապրի անվտանգ ու բարօր։

Հայրենի երկրի անկախութիւնը մեծագոյն արժէք է։ Հայոց Եկեղեցին դարերու ընթացքին մշտապէս արթուն պահած է անկախութեան գաղափարը մեր զաւակներու հոգիներուն մէջ, օրհնած է մեր ազատութեան մաքառումները, կարելին ի սպաս դրած մերօրեայ հայրենիքի կայացման ու յառաջընթացին եւ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը այս սուրբ գործին մէջ։

Անկախութեան 30-ամեակի գլխաւոր խորհուրդը յառաջադէմ, բարօր, սիրոյ ու միաբանութեան մէջ ծաղկող երկիր մը վերակերտելն է։ Այսօր, ցաւօք, յաճախ կը տեսնենք անհանդուրժողականութեան դրսեւորում՝ համերաշխութեան ու երկխօսութեան փոխարէն։ Մեր երկրի ու ժողովուրդի առջեւ ծառացած խնդիրները կը պահանջեն միասնականութիւն, ջանքերու մէկտեղում եւ համախոհ նպատակադրումներու իրականացում։ Թանկ գնով ձեռք բերուած անկախութիւնը համազգային միասնականութեամբ պէտք է պաշտպանենք ու պահպանենք՝ յաղթահարելով արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրները այս սրբազան առաքելութեան ճանապարհին, քանզի մեր անկախ պետութիւնը մեր գոյութեան ու լինելիութեան կարեւորագոյն խարիսխն ու գրաւականն է։

Անկախութեան տօնի առթիւ Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը կը բերենք համայն մեր ժողովուրդին եւ յորդորը՝ ամուր մնալու հաւատքի մէջ, ընթանալու Աստուծոյ պատգամներով, համախմբուած հայրենիքի շուրջ, հայրենեաց սիրով ու եղբայրութեամբ իրականացման առաջնորդելու ազգային մեր լուսաւոր իղձերը։

Աղօթք կը վերառաքենք առ Երկնաւոր Տէրը, որպէսզի խաղաղութիւն շնորհէ աշխարհին, մեր հայրենիքին, ստեղծագործ ու անվտանգ կեանք՝ ազգիս զաւակներուն, այսօր եւ միշտ. ամէն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021