ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այ­սօր եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Մոս­կուա։ Նո­րին Սրբու­թեան կ՚ըն­կե­րա­նան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան, Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Շա­հէ Ծ. Վրդ. Ա­նա­նեան, գա­ւա­զա­նա­կիր Տ. Ա­ղան Ա­բե­ղայ Երն­ջա­կեան եւ Տե­ղե­կա­տուու­թեան հա­մա­կար­գի տնօ­րէն Տ. Վահ­րամ Քհնյ. Մե­լի­քեան։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Մոս­կուա­յի մէջ կը մաս­նակ­ցի Ռուս Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քի­րիլ Պատ­րիար­քի ծննդեան 70-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կազմակերպուած են ամենաբարձր մակար­դա­կով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2016