ՅԻՇԵԼՈՎ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ

«Յայսմ հաւատոց զմեզ ո՜չ ոք կարէ խախտել, ոչ հրեշտակք եւ ոչ մարդիկ, ոչ սուր, ոչ հուր, ոչ ջուր, ոչ ամենայն եւ են դառն հարուածք…»։
(Եղիշէ, Եղանակ Բ)

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ունի ոսկեայ էջեր, որոնք յիրաւի արժէք կը ներկայարցնեն բոլոր հաւատաւոր անհատներու։ Քրիստոնեայ ժողովուրդի մը համար թանկագին արժէքներ են այն բոլոր յիշատակները, որոնք մեր ժողովուրդի կեանքին աղ ու համ բերած են, եթէ նոյնիսկ այդ համը իր հետը բերած ըլլայ դառնութիւններ։

Աստուծոյ շնորհն էր, որ մեր ժողովուրդը Սուրբ Առաքեալներ Թադէոս եւ Բարթողոմէոսի միջոցաւ հաղորդ դարձան Քրիստոսի Աւետարանին՝ Կեանքի Խօսքին եւ այդ իրականացաւ ի գին առաքեալներու մարտիրոսական մահուամբ։ Ունեցանք մեր Հաւատքի Հայրը՝ Սուրբ Գրիգոր Երկրորդ Լուսաւորիչը, որ ընդյատակ գործող եկեղեցին լոյս աշխարհ բերաւ եւ այդ շնորհի ճանապարհը անցաւ չարչարանքներէ եւ Խոր Վիրապի տաժանելի պայմաններու մէջ ապրուած տարիներէ։ Քրիստոնէական հաւատքը որպէսզի աւելի խոր արմատներ արձակէր մեր ժողովուրդի սրտերէն ու հոգիներէն ներս, երկու երախտաշատ հոգեւորականներ՝ Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ եւ Սուրբ Մեսրոպ Վարդապետ, լծուեցան տաժանակիր աշխատանքի, Աստուծոյ Խօսքը հայացնելու առաջադրութեամբ։

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից յիշատակութիւնը առիթ կ՚ընծայէ, որ անդրադառնանք այս սուրբերու վարքերուն ընդմէջէն ցոլացող լոյսին, որ Քրիստոսի առաջին դարէն մինչեւ հինգերորդ դար անցած ժամանակաշրջանին Աստուծոյ ողորմութեամբ եւ օրհնութեամբ իրականացած դրական շարժումներուն շնորհիւ մնացած էր առկայծ եւ հետզհետէ դարձած՝ աւելի փայլուն։

Սրբոց Ղեւոնդեանք անգամ մը ճաշակած էին Կեանքի Հացէն եւ շատ լաւ ըմբռնած՝ այս Հացին տարբերութիւնը «կորստական կերակուրէն» (Յովհաննէս, 6.26-27)։ Նաեւ իրենց հոգեւոր ծարաւը յագեցուցած էին ըմպելով «Քրիստոսի մատակարարած ջուրէն»։ Պարսկական արքունիքին տրուած պատասխանը նոյնինքն ցուցիչն էր, թէ իրենց ըմպած կեանք տուող ջուրը իր անդրադարձը ունեցած էր եւ «անոնց սրտերէն կը բղխէին կենդանի ջուրերու գետեր» (Յովհաննէս, 7.38-39)։

Անոնց տուած պատասխանին մէջ Քրիստոնէական հաւատքի ջատագովական պաշտպանութեան առընթեր կար մեծարանքի արտայայտութիւն Արքունական իշխանութեան նկատմամբ, երբ կ՚ըսէին. «երկրի վրայ այլ իշխանութիւն չենք ճանչնար»։ Սակայն այս արտայայատութեան կը յաջորդէր պայման մը. «ազատ ըլլալ իրենց Քրիստոնէական հաւատքը ապրելու»։ Բացայայտօրէն կը խոստովանէին իրենց հաւատքը եւ կը յայտնէին իրենց մերժողական պատասխանը, որ էր չփոխանակել երկինքի մէջ զԱստուած եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը այլ աստուածներու հետ։

Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին անգամ մը եւս կ՚անդրադառնանք իրենց հաստատակամութեան, նաեւ շեշտելով՝ իրենց անշեղ հաւատքը։ Հզօր պետական իշխանութեան տրուած մերժողական պատասխանը նաեւ ցոյց կու տար, թէ իրենք կ՚արհամարհէին զիրենք սպասող ժխտական եւ անհանդուրժելի կեանքի պայմանները, երբ կ՚ըսէին. «Այս հաւատքէն ոչ ոք կրնայ մեզ խախտել. ոչ հրեշտակները եւ ոչ մարդիկ, ոչ սուրը, ոչ կրակը, ոչ ջուրը, եւ ոչ ալ ամէն տեսակի դառն հարուածներ»։

Ղեւոնդեան Քահանաները «զօրացած էին Տիրոջմով եւ անոր զօրութեան կարողութեամբ»։ «Սպառազինուած էին Աստուծմով» եւ այդ էր որով յանդգնած էին «դիմադրել Սատանայի հնարքներուն, չար օրուան մէջ չարին դէմ դնելու համար»։ Ունէին հոգեւոր զէնքեր, որոնք ի տարբերութիւն մահացուցիչ նետերու կամ նիզակներու կը ծառայէին չարը խափանելու։ Ընդհակառակը ունէին «հաւատքի վահանը, որով պիտի կարենային մարել չարին մխացող բոլոր նետերը» (Եփեսեցիս, 6.10-17)։

Սուրբ Ղեւոնդ Երէցը, Վանանդեցի քահանան խորհրդանշանը եղաւ այս շարժման, հակառակ անոր որ իրեն առընթեր կը յիշուին Յովսէփ Հողոցմեցի Ամենայն Հայոց Հայրապետը, եպիսկոպոսներ, քահանաներ եւ սարկաւագներ։ Բոլորը Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի բառերով «քահանայից դասը շնորհաբաշխ օծութեամբ հովիւ եւ վարդապետ կարգուած էր եւ ընտրուած՝ Քրիստոսի խաչակից դառնալու» (հմմտ. Շարական Ղեւոնդեանց)։

Ի բոլոր սրտէ կը հաւատանք, թէ Քրիստոսի փրկարար Սուրբ Խաչի նշանը «փրկուածներու համար Աստուծոյ զօրութիւն է», հոգ չէ թէ Խաչի նկատմամբ ուրիշներ չբաժնեն այս հաւատքը եւ նոյնիսկ խաչի քարոզութիւնը յանդգնին «յիմարութիւն» որակել։ (Ա. Կորնթացիս, 1.18)։ Երբ կը բաղդատենք Պարսկական արքունի իշխանութիւնը Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից հոյլին հետ, ակնբախ երեւոյթ մը կը պարզուի աշխարհիկ առումով. զօրաւորին ու տկարին իրար հանդիպումը։ Պօղոս Առաքեալի բառերուն մէջ կը կարդանք, թէ «Աստուծոյ յիմարը մարդոցմէ աւելի իմաստուն է եւ Աստուծոյ տկարը մարդոցմէ աւելի զօրաւոր է» եւ մանաւանդ  այն հաստատումը, թէ «Աստուած աշխարհիս յիմարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ իմաստունները ու աշխարհիս տկարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ զօրաւորները» (Ա. Կորնթացիս, 1.27)։

Պատմական իրողութիւն է, թէ զօրաւորի եւ տկարի միջեւ տեսանելի անբաղդատելի տարբերութիւնը դուռ բացաւ ժամանակաւոր յաղթանակի մը, որ տարիներ յետոյ իր տեղը պիտի թողուր Քրիստոնէական աննկուն կամքի զօրութեան առջեւ արձանագրուած խոնարհման։ Սրբոց Ղեւոնդեանց գաղափարախօսութիւնը «Մեր հաւատքի ուխտը մարդու հետ չէ, որ տղաներու նման խաբուինք, այլ անլուծանելիօրէն՝ Աստուծոյ հետ եւ կարելի չէ որ քակտուի եւ լուծուի, ոչ հիմա, ոչ յետոյ եւ ոչ յաւիտեան եւ ոչ յաւիտեանս յաւիտենից» ողջունեց Քրիստոնէական կեանքի ազատութիւնը, որ խորհրդանշանն է խղճի ազատութեան համար մղուած սուրբ պայքարին։

Տէր Աստուած Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից բարեխօսութեամբ անսասան պահէ եկեղեցին եւ բոլորիս պարգեւէ հաւատքի ամրութիւն։ Աստուծոյ օրհնութիւնը մանաւանդ մեր զաւակներուն վրայ ընդմիշտ հովանի ըլլայ, որպէսզի մնան մեր պապենական լոյս հաւատքի հիման վրայ։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

21 փետրուար 2022

Երեքշաբթի, Փետրուար 22, 2022