ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՑԱԽՑԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի զանազան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէ ներս ուսանող արցախցի խումբ մը երիտասարդները:

Ուսանողները Նորին Սրբութեան ներկայացուցին իրենց նախաձեռնութիւնները, որոնց նպատակն է Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրել Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած մարդասիրական աղէտին վրայ:

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հայրական սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցելով երիտասարդ արցախցիներուն, գնահատեց անոնց՝ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին ներդրուած ջանքերու եւ նախանձախնդիր ոգիի դրսեւորման համար:

Նորին Սրբութիւնը արցախցի երիտասարդներուն նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Արցախի հիմնախնդրի լուծման, Լաչինի միջանցքի վերաբացման ու Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղեալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ տարուած աշխատանքներու մասին:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2023