ՊԱՏԳԱՄ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ

«Յամենայն ժամ զմահն Յիսուսի ի մարմին մեր կրեսցուք, զի եւ կեանքն Յիսուսի ի մարմինս մեր յայտնեսցին… Այսուհետեւ մահ ի մեզ զօրանայ, եւ կեանք՝ ի ձեզ»։ (Բ. ԿՈՐՆԹ. 4։10-11)

Սուրբ Զատիկը կը տօնախմբենք այն խոր հաւատքով, որ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան խորհուրդով Աստուածորդու կեանքը կը յայտնուի մեր մարմիններուն մէջ: Ինչպէս Պօղոս առաքեալը կ՚ըսէ. «Քանի դեռ կենդանի ենք, միշտ մահուան կը մատնուինք Յիսուսի համար, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ յայտնուի մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ»։ Մարդն իր տկար բնութեամբ, անտարակոյս, անհրաժեշտութիւնը կը զգայ առ Աստուած բարձրանալու, աստուածային էութենէ մասնիկ մը իր մէջ կրելու եւ անով մաքրագործուելու: Ասիկա մարդկային այն զգացողութիւնն է, որով ոչ միայն մեր մէջ կը զգանք Վարդապետին կենդանի ներկայութիւնը, այլեւ՝ փափաքը ստեղծագործ կեանքով ապրելու:

Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին հաղորդակից իւրաքանչիւր անձ կ՚ապրի իւրօրինակ հոգեւոր ուրախութիւն՝ արշալոյսը իր նոր կեանքին, որովհետեւ եթէ կար ժամանակ, երբ ինք իր մարմնի մէջ կը կրէր Յիսուսի մահը, ապա Յիսուսի Յարութեամբ ինք կը դառնայ կեանքի սափոր մը՝ հոգեւոր եւ ներքին էութեան ամբողջ տարողութեամբ: Այլ խօսքով, Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդին մէջ մենք կ՚ապրինք մարդկային կեանքի բոլոր շրջափուլերը՝ ծնունդէն մահ եւ մահէն յաւիտենականութիւն։ Մոխիրներէն յառնած մեր ազգի պատմութիւնը՝ լի զանազան փորձութիւններով, նոյն կերպ կը համեմատուի Քրիստոսի Չարչարանաց, Խաչելութեան եւ Յարութեան հետ։ Մեր ֆիզիքական եւ հոգեւոր փրկութեան առհաւատչեան Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդին մէջ կ՚ամփոփուի, որուն հաւատալով ապրեցան մեր նախնիք, եւ մենք ալ նոյն հաւատքով կը շարունակենք ապրիլ:

Հոգ չէ թէ ի՞նչ կը գրեն թերթերը, կամ ի՞նչ արժէքներ կը քարոզեն հեռուստակայաններն ու սոցեալական ցանցերը։ Մենք քաջ գիտենք, որ հակառակ այս բոլորի՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու դէմ սանձազերծուած բացայայտ արշաւի, մեր ժողովուրդն առաւել քան երբեւէ պէտք ունի հոգեւոր սնունդի, աստուածային ճշմարտութիւններու եւ եկեղեցւոյ բարոյական ուսմանց։ Վերջ ի վերջոյ, Փրկչական Արիւնով գնուած մեր կեանքը վատնելու իրաւունք չունինք, այլ պարտաւոր ենք ապրիլ զայն որպէս առաքելութիւն՝ նուիրուած Աստուծոյ, մեր Մայր Սուրբ Եկեղեցիին, Մայր Հայաստանին եւ մեր սրբութիւններուն։ Միայն այս կերպ կրնանք ապահովել մեր ինքնութիւնը ե՛ւ քրիստոնէական, ե՛ւ ազգային իմաստով: Ինչպէս երէկ, այնպէս ալ այսօր եւ վաղը հայ քրիստոնեայի նշանաբանը պէտք է ըլլայ «Վա՛սն Յիսուսի, վա՛սն հայրենեաց»: Այս խորհուրդով ապրած եւ գործած են մեր հայրերը՝ կերտելով յարութիւնը մեր ազգին:

Յարուցեալ Փրկչի պարգեւած կեանքը կ՚ապրինք նաեւ որպէս հաւաքականութիւն՝ որպէս Եկեղեցի, Հայրենիք եւ Սփիւռք։ Ասկէ երեք տարի առաջ, 2016-ի ապրիլին, երբ թշնամին փորձեց խոցել Մայր Հայաստանի եւ Արցախի սահմնանները, մեր քաջարի զինուորները մահուան ընդառաջ գացին, որպէսզի, ինչպէս Պօղոս առաքեալը կ՚ըսէ՝ «մե՛ր մէջ զօրանայ կեանքը»։ Անոնք Քրիստոսի մահն ընդունեցին, որպէսզի մենք կեանք ունենանք եւ շարունակենք մեր վերելքը Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդով: Մեր քաջ զինուորներն իրենց մէջ Քրիստոսի մահը կրեցին՝ մեզի թողլով տեսիլքը յարուցեալ ու յաղթական Հայաստանի:

Նոյն գիտակցութեամբ, հայ Սփիւռքը կը տոկայ դժուարութիւններու դիմաց, իր վրայ ընդունելով անթիւ-անհամար հարուածներ, որպէսզի սերունդներուն ջամբէ Մայր Հայրենիքի, Սուրբ Էջմիածնի խորախորհուրդ սիրով՝ Հայ Եկեղեցիի ու Հայ Դպրոցի միջոցաւ:

Սիրելի՛ հայորդիներ, Սուրբ Զատիկի առիթով մեր կոչն է, որ Ձեր կեանքն առաջնորդէք Քրիստոսի Աւետարաններէն ճառագող պատգամներով: Թող Յարութեան տօնը արթնութեան հրաւէր ըլլայ մեզ բոլորիս: Խորամուխ ըլլանք Պօղոս առաքեալի պատգամին եւ ամուր պահենք մեր հաւատքը, մինչ աշխարհը փորձութեանց բովէն կ՚անցնի։

Սիրելի՛ հաւատացեալ ու հայրենասէր զաւակունք մեր ազգի, ամիսներ առաջ Հայոց Հայրապետը 2019 թուականը յայտարարեց հայ քրիստոնեայ ընտանիքի տարի: Իսկ մեր Թեմէն ներս 2019-ը նուիրուած է հայ գրքին։ Ուրեմն, մեր բոլորիս հոգու պարտքը պիտի ըլլայ հայ ընտանիքները լուսաւորել հաւատքի ուժականութեամբ, ստեղծագործ կեանքի տեսիլքով եւ պատմութեան անթառամ դասերով: Եթէ այդպէ՛ս ապրինք մեր կեանքը, կրողը կը դառնանք Քրիստոսի կեանքին, այսինքն՝ Յարութեան խորհուրդին: Մեր ամէն մէկ քայլը, խօսքն ու արարքը պիտի արտայայտէ վճռակամ հաւատքը մեր նախնեաց, հաւատքը նահատակներուն, որոնք տեսիլքը ունեցան գալիք սերունդներու հոգիին մէջ տեսնել նոր արշալոյսը մեր կեանքին: Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդով ներշնչուած՝ մեր զաւակաց կեանքին մէջ հաստատենք աղօթքին սէրը եւ զօրութիւնը, որպէսզի անոնք իրենց արեան մէջ զգան պատգամը մեր նախնեաց եւ Աստուածապարգեւ կեանքն ի սպառ նուիրաբերեն մեր հայրենական հողին ու հայոց քրիստոնէական հաւատքին ի խնդիր:

Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդով ներշնչուած՝ Յարութեան ճանապարհին է մեր ազգը:

Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց։

Օրհնեա՜լ է Յարութիւնն Քրիստոսի։

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Առաջնորդ՝

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2019