ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը։

Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքին քաղաքական վիճակին եւ բարոյահոգեբանական մթնոլորտին վերաբերեալ հարցեր։ Կարեւորուեցաւ յետպատերազմեան շրջանին Արցախէ ներս համազգային ճիգերով վերականգնման աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ համահայկական ծրագրերու ընթացքին եւ արդիւնքներուն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 22, 2021