«ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ՅԻՍՈՒՍԻ ՈՏՆԱՀԵՏՔՆ Է ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ»

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Աւանդաբար, Համբարձման տօնին առթիւ կը յիշատակուի նաեւ 1441 թուականին Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Աթոռի Սիս քաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրման պատմական օրը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Համբարձման տօնակատարութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որու գլխաւորութեամբ միաբանութիւնը մասնակցեցաւ Ս. Պատարագի։ Սրբազան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս։ Պատարագիչն  էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։

Համբարձման տօնի իմաստին վրայ անդրադառնալէ վերջ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան անդրադարձաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետական Աթոռի Սիս քաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրման պատմական յիշատակութեան։ Ան ըսաւ. «15-րդ դարուն տեղի ունեցած այս իրողութիւնը պատմական է ոչ թէ այն իմաստով, որ Սուրբ Աթոռը վերադարձած է իր առաջին եւ օրինական վայրը, այլեւ այն պատճառով, որ պատմութեան դառն փորձութիւններու մէջ, երկար դարեր տեւած թեքերումներէ յետոյ ի վերջոյ Լուսաւորչի տեսիլքը մէկընդմիշտ գտած է իր արդարացումն ու իրականացումը։ Այդ իմաստով, այսօր բոլորիս՝ Սուրբ Էջմիածնի զաւակներու, միաբաններու եւ ամբողջ հայութեան տօնն է, որովհետեւ Սուրբ Էջմիածինը հայորդիներու Սիոնն է, հոգեւոր կեդրոնը, ուրկէ, ըստ մեր պատմիչներու, Գրիգոր Լուսաւորիչը հոգեւոր իմաստով ծնաւ եւ մկրտեց հայ ժողովուրդը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մեզի համար Քրիստոսի իսկ ոտնահետքն է այս աշխարհի վրայ։ Եթէ մենք կը կամենանք համբուրել այդ ոտնահետքը, բաւական է, որ մենք խոնարհինք Սուրբ Էջմիածնի սրբացած քարերու առջեւ։ Եթէ կը կամենանք տեսնել, զգալ եւ շօշափել Յիսուսի իրական ներկայութիւնը հայոց հողի վրայ, ապա բոլորս մեր հայեացքը պէտք է յառենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ինչքան ալ, որ հայ քրիստոնէական քաղաքակրթական միտքը զարգանայ, ան երբեք պիտի չբարձրանայ Սուրբ Էջմիածնի գմբէթէն աւելի, որովհետեւ Էջմիածինը մեզի համար երկիր է երկրի վրայ եւ երկինք է երկնքի մէջ»։

Քարոզիչ հայր սուրբը աւարտին աղօթեց, որ Տէրը անսասան պահէ Հայկազեան Աթոռը՝ առողջութիւն եւ երկար տարիներու գահակալութիւն պարգեւելով անոր ազգընտիր Գահակալին։

Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ քարոզի աւարտին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որու ընթացքին հոգեւոր դասը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան անսասանութեան, պայծառութեան եւ յաւէտ շէնացման համար։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020