ԲԱԶՄԱՌԱՆՑՔ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) ժողով մը գումարեց 19-20 յունիսին։ Վեհափառ Հայրապետի ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքով սկսաւ ժողովը։ Նիստերուն ատենապետեցին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան։

Երկօրեայ ժողովներու օրակարգին վրայ էին յառաջիկայ Ազգային-եկեղեցական ժողովի կազմակերպման, նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ազգային-եկեղեցական կեանքի վերաբերեալ հարցեր։ Մասնաւորապէս անդրադառնալով 2020 թուականին գումարուելիք Ազգային-եկեղեցական ժողովին՝ ԳՀԽ-ի անդամները լսեցին օրակարգի հարցերու նախապատրաստման նպատակով ստեղծուած եօթ յանձնախումբերու աշխատանքներու ընթացքին վերաբերեալ զեկոյցները ըստ հետեւեալի. Թեմական եւ ծխական կեանքի կազմակերպման յանձնախումբ (համաատենապետ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան), Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կրթադաստիարակչական յանձնախումբ (ատենապետ Տ. Աբրահամ Արք. Մկրտչեան), Ընկերային ծառայութեան յանձնախումբ (ատենապետ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան), Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան յանձնախումբ (ատենապետ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան), Քրիստոնէական արժէհամակարգին դէմ մարտահրաւէրներու յանձնախումբ (ատենապետ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան), Հոգեւորականաց պատրաստութեան յանձնախումբ (քարտուղար Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան) եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ելմտատնտեսական վիճակի բարելաւման յանձնախումբ (ատենապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապաեան)։

Քննարկելով ներկայացուած զեկոյցները եւ կատարելով անհրաժեշտ թելադրութիւնները՝ Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ ԳՀԽ-ի անդամները բարձր գնահատեցին յանձնախումբերուն կողմէ կատարուած աշխատանքը։ Հայաստանէ եւ սփիւռքէ հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներէ կազմուած յանձնախումբերը պիտի շարունակեն լրամշակել Ազգային-եկեղեցական ժողովի օրակարգային հարցերը եւ անոնց շրջանակներէն ներս քննարկուելիք փաստաթուղթերը։

Ժողովականները Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգութեան ընթացքին շուրջ տեղեկութիւններ ստացան Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի կողմէ։ Տեղեկացուեցաւ նաեւ Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգման աշխատանքներու իրականացման ի նպաստ՝ Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի յառաջիկայ տօնին սկսող համազգային հանգանակութեան ծրագրի մասին։ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ այս ծրագիրը կը համակարգէ աշխատանքային խումբ մը, որու գլուխը կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Ժողովականներուն ծանուցուեցաւ նաեւ հաստատուած հոգաբարձուներու պատուոյ յանձնախումբի եւ գործադիր մարմնի մասին։

ԳՀԽ-ի անդամները ողջունեցին ձեռնարկուած քայլերը՝ կարեւորելով իւրաքանչիւր հայորդիի մասնակցութիւնն ու ներդրումը համայն հայութեան սրբութիւն սրբոցի վերանորոգութեան եւ բարեզարդ պահպանման ուղղութեամբ։

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու հարցերով ստեղծուած աշխատանքային խումբի առաջին հանդիպման եւ նախատեսուած համատեղ քննարկումներուն շուրջ։ Ան յայտնեց, որ աշխատանքները կ՚ընթանան բնականոն հունով՝ գործակցային ոգիով լուծումներ ապահովելու համար եկեղեցական կեանքէ ներս առկայ զանազան խնդիրներու։ ԳՀԽ նաեւ անդրադարձ կատարեց եկեղեցւոյ կանոնական ու կանոնադրական շարք մը հարցերուն։

Միւս կողմէ, երէկ, Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած միաբանական համագումարի մասնակիցներուն յղեց իր պատգամը։

Շաբաթ, Յունիս 22, 2019