ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Անտիոքի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Զահլէի մետրապոլիտ Անթոնիոս Ալսորուն։ Հիւր մետրապոլիտին ընկերացաւ Երեւանի մօտ Լիբանանի դեսպան Ժան Մաքարոն եւ բարերար Նիքոլա Ապոֆայիսա։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան։
Զահլէի մետրապոլիտը հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան փոխանցեց Անտիոքի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Յովհաննէս Ժ.-ի եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքները։ Հիւր մետրապոլիտը անդրադարձաւ երկու եկեղեցիներու պատմական կապերուն եւ միջեկեղեցական սերտ յարաբերութիւններուն։ Մետրապոլիտը Վեհափառ Հայրապետին զօրակցութիւնը խնդրեց Ուղղափառ եկեղեցւոյ բարերար զաւակներէն մէկուն կողմէ Հայաստանի մէջ կառուցուելիք մատրան համար։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը մատրան կառուցման ազնիւ նախաձեռնութեան բերումով հայրապետական իր գնահատանքը յայտնեց բարերարին։
Փոխանցելով իր օրհնութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը արտայայտեց իր եղբայրական սէրն ու ջերմ զգացումները Անտիոքի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետին նկատմամբ։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներէն Ճիմ Քոսթան, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Հայաստանի մէջ։