Հինգշաբթի 26, Դեկտեմբեր 2024
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՋԵՐՄ ԽՐԱԽՈՅՍ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Լոնտոնի մասնաճիւղի անդամները։ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներուն ուղեկցեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեան։ ՀՄԸՄ-ի այս խումբը Հայաստան այցելած է մասնակցելու համար յոբելենական՝ 10-րդ մարզախաղերուն։
Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին կարեւորեց երիտասարդներու կեանքէն ներս մարմնակրթութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ ան զրուցեց պատանիներուն հետ եւ յաջողութիւններ մաղթեց յառաջիկայ մարզախաղերուն մէջ։
Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017