ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻ ԶՈՀԵՐՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս պատահած ահաւոր պայթումի զոհերուն համար։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2022