ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆ ԵՒ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ

Երէկ, Հայաստանի մէջ նշուեցաւ Անկախութեան 31-րդ տարեդարձը։ Սեպտեմբերի 21-ին՝ Հայաստանի Անկախութեան օրուան առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք։ Ազգային տօնը այս տարի հարցականներու եւ մտահոգութիւններու մթնոլորտին մէջ նշուեցաւ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայրավանքէն ներս, Ս. Գայիանէ վանքի երդիքին տակ տեղի ունեցած Հանրապետական մաղթանքին ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ օրուան պատգամը։ Բաց աստի, Նորին Սրբութեան գլխաւորութեամբ, Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Եռաբլուր նահատակաց պանթէոն, ուր հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ եւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ նահատակներուն համար։

Ս. Գայիանէ վանքի Հանրապետական մաղթանքին ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ծնրադիր աղօթեց հայոց պետականութեան անսասանութեան եւ յարատեւութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ ըսաւ. «Աւելի քան երեք տասնամեակ առաջ մեր ժողովուրդը Արցախի ազատամարտի մաքառումներուն մէջ անհուն զրկանքներու եւ զոհողութիւններու գնով վերակերտեց իր անկախ պետականութիւնը եւ ամրագրեց ազատ ապրելու իր իրաւունքը։ Անկախութիւնը մենք հռչակեցինք մեր ժողովուրդի անվտանգ կեանքը կառուցելու, ազգային մեր ինքնութիւնը զօրացնելու, արժանապատիւ կեցութիւն ապահովելու եւ հայրենաբնակ ու աշխարհասփիւռ համայն հայութիւնը հայրենիքի շուրջ համախմբելու նուիրական տեսիլքով»։

Վեհափառ Հայրապետը աւելի վերջ ընդգծեց, որ այսօր՝ Անկախութենէն 31 տարի անց, ազգային ու պետական կարեւորագոյն այս տօնը խռովուած սրտով կը դիմաւորուի։ «Կը մորմոքի մեր սիրտը Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ահռելի կորուստներով։ Վշտացած եւ խռովուած ենք մեր երկրին դէմ Ատրպէյճանի նուաճողական նկրտումներուն եւ չդադրող ոտնձգութիւններուն պատճառով», ըսաւ ան։ Ի շարունակութիւն, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ առկայ իրադարձութիւնները կը վկայեն, թէ մեր ժողովուրդը վերստին գոյաբանական հիմնախնդիրներու դէմ յանդիման կը գտնուի։ «Վտանգներ կը սպառնան Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու անկախ պետականութեան անվտանգութեան, հայրենի հողին վրայ արցախահայութեան ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման», մատնանշեց ան։

Պատգամի եզրափակիչ բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հայրական մեր յորդորն է՝ Անկախութեան տօնի այս օրը ուխտենք վերստին ամենայն յանձնառութիւն եւ զոհողութիւն ստանձնել յանուն հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի։ Ապրինք ճշմարիտ հայրենասիրութեամբ, ազգային ու պետական շահերու բարձր գիտակցութեամբ՝ խոյս տալու համար ցաւալի նոր կորուստներէն»։ Ան յորդորեց Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ անկախ կուսակցական եւ գաղափարական տարբերութիւններէ գործակցիլ եւ ընդհանուր հայրենաշահ որոշումներ կայացնել ազգի բոլոր կարող ուժերուն հետ՝ առկայ բարդ ու դժուարին իրավիճակի կարգաւորման, ծառացած հիմնախնդիրներու բարւոք լուծման, ինչպէս եւ հայութեան ներուժը ազգային-հայրենական շահերուն լաւագոյնս ծառայեցնելու համար։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ Հայոց Եկեղեցին միշտ եղած է պետականութեան զօրացման նուիրեալը, առաջամարտիկը անոր անսասանութեան պաշտպանութեան։ «Եկեղեցին իր զաւակներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ մշտավառ պահած է ազատութեան տենչը, ոգեշնչած պայքարի՝ յանուն անկախութեան եւ պետականութեան վերականգնման, որովհետեւ մեր հայրապետներն ու ամբողջ հոգեւոր դասը կրած են չմարող այն համոզմունքը, թէ մեր լինելութեան, ազգային մեր ինքնութեան ու գիտակցութեան երաշխիքները ամուր ու անսասան են անկախ պետականութեան պայմաններուն մէջ», շեշտեց ան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022