ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Հայաստանը եւ տարածքաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովի մասնակիցները։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած այս միջազգային գիտաժողովը տեղի ունեցած էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երդիքին տակ։ Նախաձեռնողներու շարքին էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ)։ Ծաւալուած եռօրեայ աշխատանքին շուրջ Նորին Սրբութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց ՀՅԴ-ի պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար։

Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց նման միջազգային գիտաժողովներու կազմակերպումը։ Ան անդրադարձաւ վերջերս Հռոմ եւ Մոսկուա կատարած ուղեւորութիւններուն, որոնց ընթացքին արծարծուեցան Արցախի երկրորդ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած մարտահրաւէրները, հայութիւնը յուզող խնդիրները, մասնաւորապէս՝ գերիներու վերադարձը, Հայաստանի սահմաններու դէմ ոտնձգութիւնները, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ հարցերը։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ գիտաժողովի մասնակիցներու զանազան հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին նաեւ քոյր եկեղեցիներու հետ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց նաեւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Անն Լիւյոն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2021