ԱՄՍԹԵՐՏԱՄԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին Ամսթերտամի մէջ նախագահեց Սուրբ Հոգի հայոց պատմական եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման 33-րդ տարեդարձի արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին նորին սրբազնութեան կողքին էր հոգեւոր հովիւ Տ. Տարօն Քահանայ։

Բացի կրօնական արարողութիւններէն, նորին սրբազնութիւնը խորհրդակցութիւն մըն ալ ունեցաւ տեղւոյն ծխական խորհուրդին հետ։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Ամսթերտամի եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ ստեղծուած ԱՅՈ երիտասարդաց միաւորման նախաձեռնութեամբ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան իր խորհրդածութիւնները եւ յորդորները հիմնաւորեց՝ երիտասարդներու ընտանիքի մոտելի լոյսին տակ։

Այս բոլորէն վերջ, Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման տարեդարձին առթիւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կողմէ մատուցուած Ս. Պատարագը բոլորին տեսակէտէ հոգեւոր ուրախութեան գագաթ մը հանդիսացաւ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի սարքուեցաւ նաեւ սիրոյ սեղան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2022