Տ. ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. Կոյս Աստուածամօր տաճար ընծայման տօնը։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Նկատի ունենալով, որ արարողութիւնը կը զուգադիպէր պատարագիչ տէր հօր քահանայական ձեռնադրութեան տարեդարձին՝ իր տեսանկիւնէն սա ունէր գոհաբանական Ս. Պատարագի բնոյթ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան, Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան եւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան օրուան քարոզին մէջ անդրադարձաւ տօնի խորհուրդին։ Ան շեշտեց, որ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը՝ որպէս ուխտի զաւակ, իր ծնողներուն կողմէ ընծայուած էր տաճար։ Քարոզիչ հայր սուրբը անդրադարձաւ նաեւ պատարագիչ տէր հօր քահանայական ձեռնադրութեան տարեդարձին եւ յղեց շնորհաւորութիւններ։
Սուրբ Պատարագի աւարտին կազմուած թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ամենայն Հայոց երանաշնորհ կաթողիկոսներէն Յակոբ Ջուղայեցիի շիրիմը, որ կը գտնուի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ Այստեղ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ ուխտի աղօթք։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ ներկաները համախմբուեցան եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ, ուր նշուեցաւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի ձեռնադրութեան տարեդարձը։ Այս փուլին ան արտասանեց նաեւ իր սրտի խօսքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ բոլոր հոգեւոր եղբայրներուն, որոնք ուրախակից եղած էին իրեն։ Տարեդարձին առթիւ հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։