ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԻ ՏՕՆԸ

Սուրբ Սար­գի­սը թէ՛ պատ­մա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն է, եւ թէ՛ սրբա­զան ա­ռաս­պե­լա­կան կեր­պար՝ օժ­տուած տար­բեր հմա­յա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րով եւ գոր­ծա­ռոյթ­նե­րով։ Ան զա­նա­զան զրոյց­նե­րու, եր­գե­րու եւ ա­ռաս­պել­նե­րու հե­րոսն է։

Սուրբ Սար­գիս պատ­մա­կան ան­ձը ապ­րած է 4-րդ դա­րուն, ան Կե­սա­րիոյ հռո­մէա­ցի զօ­րա­վար էր, որ խու­սա­փե­լով Յու­լիա­նոս Ու­րա­ցող կայ­սեր հա­լա­ծանք­նե­րէն՝ իր տղուն՝ Մար­տի­րո­սին հետ ա­պաս­տա­նած է Հա­յաս­տան, ա­պա անց­նե­լով Պարս­կաս­տան՝ զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն կը կա­տա­րէ Շա­պուհ թա­գա­ւո­րին մօտ։ Ի­մա­նա­լով, որ Սար­գի­սը քրիս­տո­նեայ է, Շա­պու­հը կը պա­հան­ջէ, որ ան երկր­պա­գէ կրա­կին, սա­կայն Սար­գիս կը մեր­ժէ եւ կը կոր­ծա­նէ բա­գի­նը։ Զայ­րա­ցած ամ­բո­խը կը յար­ձա­կի եւ կը սպան­նէ ա­նոր որ­դին, իսկ Սար­գի­սը կը բան­տար­կուի եւ ա­պա կը գլխա­տուի։ Կը սպան­նուին նաեւ ա­նոր հա­ւա­տա­րիմ տանչորս զի­նուոր­նե­րը։

Նա­հա­տա­կուե­լէն ետք Սար­գի­սի մարմ­նին վրայ լոյս կը ծա­գի։ Մեսրոպ Մաշ­տոց ա­նոր մա­սունք­նե­րը Հա­յաս­տան բե­րել կու տայ։ Մա­սունք­նե­րը կ՚ամ­փոփուին Կար­բի ա­ւա­նին մէջ, իսկ Ու­շիի մէջ եւ Գա­գա դաշ­տին վրայ կը կա­ռու­ցուին ա­նոր ա­նու­նը կրող ա­ռա­ջին ե­կե­ղե­ցի­նե­րը. այս­պէս, Սար­գիս զօ­րա­վա­րը կը սրբա­ցուի հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ՝ իբ­րեւ քրիս­տո­նէու­թեան հա­մար մարտն­չող նա­հա­տակ։

ՍՈՒՐԲ ՍԱՐ­ԳԻՍ ՈՐ­ՊԷՍ ՍԻ­ՐԱ­ՀԱՐ­ՆԵ­ՐՈՒ ՏՕՆ

Ժո­ղովր­դա­կան ա­ւան­դու­թեան մը հա­մա­ձայն, Սուրբ Սար­գի­սը կը սի­րա­հա­րուի յոյն թա­գա­ւո­րին աղջ­կան եւ կը փախց­նէ զայն։ Հե­տապն­դող­նե­րէն ա­զա­տե­լու հա­մար ան զօ­րա­ւոր բուք կը բարձ­րաց­նէ եւ շա­տեր խեղ­դա­մահ կ՚ըլ­լան։ Ա­հա թէ ին­չո՛ւ ա­մէն տա­րի տօ­նի օ­րե­րուն բուք կը բարձ­րա­նայ։ Այս զրոյ­ցին պատ­ճա­ռով ալ սի­րա­հա­րած­նե­րը Սուրբ Սար­գի­սը ընտ­րած են որ­պէս ի­րենց բա­րե­խօ­սը։ Ան միշտ կ՚օգ­նէ ի­րեն դի­մող սի­րա­հար­նե­րուն։ Այդ օ­րը ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կ՚ա­ղօ­թեն, որ­պէս­զի սուր­բը ի­րենց ա­ղօթք­նե­րը Աս­տու­ծոյ հասց­նէ։ Բայց մինչ այդ ա­նոնք պէտք է հե­տե­ւին Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի սահ­մա­նած ա­ռա­ջա­ւո­րաց պա­հքին։

Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նը ան­փո­փոխ մնա­ցած է, սա­կայն վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին տնօ­րի­նու­թեամբ, Սուրբ Սար­գիս զօ­րա­վա­րին տօ­նը հռչա­կուած է որ­պէս ե­րի­տա­սարդ­նե­րու օրհ­նու­թեան օր, եւ Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կը կա­տա­րուի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու օրհ­նու­թեան կարգ։

ԺՈ­ՂՈՎՐ­ԴԱ­ԿԱՆ Ա­ՒԱՆ­ԴՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

Ե­կե­ղե­ցա­կա­նի զու­գըն­թաց, պահ­պանուած են այս տօ­նին հետ կա­պուած ժո­ղովր­դա­կան սո­վո­րու­թիւն­ներ։ Այս­պէս, ա­ռա­ջա­ւո­րաց պահ­քի օ­րե­րուն մար­դիկ ոչ միայն ար­գելք­ներ կը դնէին ի­րենց սնուն­դին, այլ նաեւ աշ­խա­տան­քի ո­րոշ տե­սակ­նե­րուն եւ մարմ­նի խնամ­քին վրայ։ Ար­գի­լուած էր լուացք ը­նել, ճա­խա­րակ մա­նել, գործ ու­նե­նալ բուր­դի, մա­զի հետ, ո­րով­հե­տեւ կը հա­ւա­տա­յին, որ մազ լուա­լու պա­րա­գա­յին Սուրբ Սար­գի­սի ձիու ոտ­քե­րուն թնճուկ կը փաթ­թուի եւ որ­պէս պա­տիժ՝ ի­րենց մա­զե­րը կը թա­փին

Ուր­բաթ օ­րը մար­դիկ կը սկսէին թա­թախ­ման՝ պահ­քը բա­նա­լու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու։ Մեղ­րա­ջու­րով կամ շա­քա­րա­ջու­րով փո­խինդ կը շա­ղէին, ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րուն թի­ւով գունդ­նե­րու կը բաժ­նէին եւ ե­րե­կո­յեան պահ­քը կը բա­նա­յին այդ գուն­դե­րով։

Սա­կայն ծոմ պա­հած ե­րի­տա­սարդ­նե­րը չէին ու­տեր. ա­նոնք այդ ե­րե­կոյ ա­ղի կրկնեփուկ կ՚ու­տէին, որ­պէս­զի տես­նեն, թէ ե­րա­զին մէջ ի­րենց ո՞վ ջուր պի­տի տայ։ Այդ գի­շեր տան­տի­կին­նե­րը սկու­տե­ղի մը վրայ փո­խինդ կը լեց­նէին եւ կը սպա­սէին, որ գի­շե­րը Սուրբ Սար­գի­սը այ­ցե­լէ ի­րենց եւ իր ձիուն պայ­տին հետ­քը ձգէ փո­խին­դին վրայ։ Շա­բաթ ա­ռա­ւօ­տեան այդ փո­խին­դէն խա­շիլ կը պատ­րաս­տէին եւ պա­սը կը բա­նա­յին։ Ա­ղի կրկնեփուկ կե­րած աղ­ջիկ­ներն ու ման­չե­րը կը պատ­մէին ի­րենց ե­րազ­նե­րը, թէ ո՞վ ի­րենց ջուր տուաւ, ինչ­պի­սի՞ գա­ւա­թով, որ­քա՞ն ջուր կար գա­ւա­թին մէջ եւ այլն… Ոս­կեայ գա­ւա­թը հա­րուստ ա­մու­սին կը նշա­նա­կէր, փայ­տեայ գա­ւա­թը՝ աղ­քատ, լե­ցուն գա­ւա­թը եր­կար ա­մուս­նա­կան կեանք կը կան­խա­գու­շա­կէր, կի­սով լե­ցու­նը՝ կարճ ա­մուս­նա­կան կեանք եւ այլն…

Կար ու­րիշ սո­վո­րու­թիւն մըն ալ. ծոմ պա­հող­նե­րը ի­րենց փո­խին­դէն կտոր մը կը դնէին տան տա­նի­քը եւ կը հե­տե­ւէին, թէ այդ կտո­րը կտցող թռչուն­նե­րը ո՛ր կողմ կը թռչին, այդ կող­մէն ալ կը սպա­սէին ի­րենց ա­պա­գայ ա­մու­սի­նը կամ կի­նը։

Նշենք, որ Սուրբ Սար­գի­սը շար­ժա­կան տօն է, այս տօ­նով կը սկսի Բա­րե­կեն­դա­նը, ո­րուն կը յա­ջոր­դէ Մեծ պահ­քը, այ­նու­հե­տեւ՝ Զա­տի­կը։

Հա­յաս­տա­նի մէջ Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նին օ­րը Ս. Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցուի սուր­բին ա­նու­նը կրող բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ։ Ամենայն Հայոց Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին տնօ­րի­նու­թեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ էջ­միա­ծի­նէն ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Ս. Սար­գիս ե­կե­ղե­ցի կը բերուին Սուրբ Սար­գիս զօ­րա­վա­րին մա­սունք­նե­րը։ Ամ­բողջ օ­րուան ըն­թաց­քին մար­դիկ ա­ռի­թը կ՚ու­նե­նան տես­նե­լու սուր­բին մա­սունք­նե­րը եւ հայ­ցել ա­նոր բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը։

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 23, 2016