ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՋՐՕՐՀՆԷՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի դէպի Երուսաղէմ ուղեւորութիւնը կ՚ընթանայ վառ իրադարձութիւններով եւ հոգեւոր խտացեալ ապրումներու մթնոլորտով։ Երէկ, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ աթոռներու ամենապատիւ գահակալները կէսօրուան ժամերուն այցելեցին Յորդանան գետի ափը։ Ամենապատիւ Տ.Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի եւ Սահակ Արք. Մաշալեանի համատեղ նախագահութեամբ, Յորդանան գետի ափին տեղի ունեցաւ փառաշուք Ջրօրհնէք, որպէս խորհրդանշան Տէր Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան։ Երուսաղէմի մէջ Սուրբ Ծնունդի տաղաւարի հանդիսութեանց չափ իւրայատուկ է այս խորհրդանշական Ջրօրհնէքը, որ կը կատարուի Յորդանան գետի ափին։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները, պոլսահայ եւ հիւր հոգեւորականներ, ժառանգաւոր սաներ եւ ուխտաւորներ։

Երուսաղէմէն դէպի Յորդանան գետի ափը ուղեւորուելու ճանապարհին երկու պատրիարքները դիմաւորուեցան Երիքովի կուսակալ Մաճիտ Ալ-Ֆիտանիի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ  Երիքովը կը համարուի աշխարհի ամենահին քաղաքը։ Երկու պատրիարքներուն առընթեր ներկայ էր նաեւ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան։ Պատշաճ ընդունելութեան աւարտին Նուրհան Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրասիրութեան համար։

Հանդիպումէն վերջ երկու պատրիարքները առաջնորդուեցան Յորդանան գետի ափը։ Սահակ Պատրիարքի ձեռամբ կատարուեցաւ Ջրօրհնէքը։ Այս տարուան խաչքաւորն էր ժառանգաւոր սաներէն Մուշեղ Սարգսեան։ Յորդանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աւետիս Ծայրագոյն Վարդապետ Իփրաճեանի գլխաւորութեամբ, գետի միւս ափէն ալ յորդանանահայ հաւատացեալներ հետեւեցան արարողութեան, որու տեւողութեան թէ՛ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ թէ Տ. Աւետիս Ծայրագոյն Վարդապետ Իփրաճեան հանդէս եկան ելոյթներով։

Արարողութեան աւարտին երկու պատրիարքներն ու եկեղեցական հայրերը, հիւրերն ու ուխտաւորները վերադարձան Երիքով, ուր տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։ Երեկոյեան ժամերուն ալ Նորին Ամենապատուութիւնը միանալով պոլսահայ ուխտաւորներու խումբին՝ այցելեց Փորձութեան լերան մերձակայքը։

Կէսգիշերէն վերջ, այս առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն ալ Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որու աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերակից պոլսահայ հոգեւորականաց խումբէն Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան Տէր Յիսուսի Լոյս գերեզմանին վրայ մատոյց իր ուխտի Ս. Պատարագը։ Այս Ս. Պատարագին մասնակցեցան պոլսահայ ուխտաւորները, որոնք Ս. Հաղորդութիւն ստացան պատարագիչ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի ձեռամբ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս շաբաթավերջին՝ ուրբաթ, յունուարի 27-ին, պիտի վերադառնայ իր Աթոռը։ Սուրբ Քաղաքէն հրաժեշտ առնելէ առաջ, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ Ութօրէքի առթիւ պիտի պատարագէ Տէր Յիսուսի Լոյս գերեզմանին վրայ, Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարի սրբազան կամարներուն ներքեւ։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2023