ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան հովուական այցելութիւն տուաւ Անգարայի հայ համայնքին։ Տէր հօր ընկերացան Սարվէն Ուր. Դպ. Թուղլա եւ Պարգեւ Ուր. Դպ. Օհանեան։

Տէր հայրը շաբաթ օր, ցամաքի ճամբով հասաւ Անգարա։ Կիրակի առաւօտ քաղաքի ֆրանսական դեսպանատան Սրբուհի Թերեզա մատրան մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հ. Ալեքսիս Վարդապետը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, մատրան գետնայարկի սրահին մէջ սարքուեցաւ թէյասեղան, ուր տէր տայրը զրուցեց տեղւոյն հայ համայնքի անդամներուն եւ այլ քրիստոնեայ հաւատացեալներու հետ։ Անգարայի հայ համայնքի անդամները տէր հօր անձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին սոյն այցելութեան համար։ Անոնք նաեւ փափաք յայտնեցին, որ շարունակուին նման հովուական այցելութիւնները։

Տէր հայրն ու ընկերակիցները նոյն երեկոյեան ցամաքի ճամբով վերադարձաւ քաղաքս։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024