ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ ընդունեց Ռուսաստանի դեսպան Անաթոլի Վիքթորովը։ Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքին մէջ, Երուսաղէմի մօտ Ռուսաստանի դեսպանն ու ընկերակիցները շնորհաւորութիւններ յղեցին Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթանքներուն համար։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգճեան եւ աւագ թարգման Տ. Վազգէն Վարդապետ Ալէքեան։

Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ Երուսաղէմի օտարերկրեայ դիւանագէտներու Պատրիարքարան այցելութիւններուն արտասովոր կարեւորութիւն կը վերագրուի։ Վերջերս տեղւոյն Ֆրանսայի հիւպատոսարանն ալ հետեւողականութիւն դրսեւորած էր Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասին ուղղեալ սպառնալիքներուն կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024