ՎԱՂԸ ԱՅԼԵՒՍ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան այ­սօր կ՚ա­ւար­տէ Իս­թան­պուլ կա­տա­րած իր «ան­պաշ­տօն», «մաս­նա­ւոր» հեր­թա­կան ա­ռեղ­ծուա­ծա­յին այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս վեր­ջին օ­րե­րուն հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի լայն ար­ձա­գանգ ստեղ­ծած է Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թեան այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ, որ ան շա­բա­թա­վեր­ջին մեկ­նած է նաեւ Ան­գա­րա։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը շատ ու­շագ­րաւ հա­մա­րած են նաեւ այն լսում­նե­րը, ըստ ո­րոնց Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը պատ­րաս­տուի օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րել Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քու­թեան։  

Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քի այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն ի վեր հա­ւա­նա­կան կը հա­մա­րուի, թէ այ­սօր ան տե­սակ­ցու­թիւն մը ու­նե­նայ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ, որ այ­սօր ար­դէն վե­րա­դար­ձած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն։

Դար­ձեալ ան­պաշ­տօն լսում­նե­րէ  վե­րա­հա­սու կը դառ­նանք, թէ Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քը մեծ զայ­րոյթ մը կ՚ապ­րի Իս­թան­պու­լի իր շփում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի մէջ լոյս տես­նե­լը։ Ան նոյ­նիսկ իր բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նա­կէն պա­հան­ջած է՝ սոր­վիլ, թէ թերթս ի՛նչ մի­ջոց­նե­րով տե­ղեակ կը դառ­նայ իր կե­ցու­թեան օ­րե­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն։

Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան վա­ղը ա­ռա­ւօտ հրա­ժեշտ պի­տի առ­նէ քա­ղա­քէս։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016