ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ ներկայ 2018 թուականը հռչակուած է՝ որպէս Երիտասարդութեան տարի։ Կը հաղորդուի, որ ներկայ շաբթուան առաջին կէսին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց միաւորման (ՀԵԵՄ) ղեկավար մարմնի ժողովը։ «Դէպի հայրենիք, դէպի Սուրբ Էջմիածին» կարգախօսի ներքեւ Երիտասարդութեան տարուան ծրագրի կազմակերպչական խումբին ժողովը գլխաւորեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ միեւնոյն ժամանակ ՀԵԵՄ-ի հոգեւոր պատասխանատուն է։

Ժողովին մասնակցեցան Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեան, ՀԵԵՄ-ի

կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Գէորգ Մկրտչեան, Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի Երիտասարդական խորհուրդի ներկայացուցիչ Վարդան Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ ՀԵԵՄ-ի կեդրոնական գրասենեակի աշխատանքային խումբը։

Երիտասարդական տարուան ծրագրի շրջանակներէն ներս յառաջիկայ 4-8 Յուլիսին նախատեսուած են շարք մը մեծ ձեռնարկներ։ Երկօրեայ ժողովներուն ընթացքին քննարկուեցան այդ ձեռնարկներու կազմակերպչական հարցերը։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018