ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Աւանդական արժէքներ, արդի մարտահրաւէրներ» խորագրեալ համաժողով մը, որ երրորդն էր իր տեսակին մէջ։ Աթոս լերան ռուսական սրբավայրերու աջակցման բարեգործական հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած էր այս միօրեայ համաժողովը, որու կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցած էին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանէն ներս տեղի ունեցաւ համաժողովը, որու բացումէն առաջ մասնակիցները Մատենադարանի ցուցասրահին մէջ դիտեցին Հայաստանի Պետական արխիւին կողմէ կազմակերպուած «Եկեղեցին՝ ընտանեկան եւ տոհմական յիշողութեան պահոց» խորագրեալ ցուցահանդէսը։

Համաժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով։ Բացման լիագումար նիստը վարեց «Համարկում եւ զարգացում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արամ Սաֆարեան, որ երախտագիտութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին՝ համաժողովի կազմակերպման բերուած աջակցութեան համար։

Ելոյթներէն, զեկուցումներէն եւ յաջորդած քննարկումներէն վերջ համաժողովի մասնակիցները շրջայց մը կատարեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, մասնաւորապէս տեսան Մայր Տաճարը եւ ծանօթացան յարակից թանգարաններուն։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018