ԽՆԱՄՔ ԵՒ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արցախի թեմէն ներս ձեռնադրուած երկու նորաօծ քահանաները։ Ներկայ էր նաեւ Արցախի Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան արժանացան Տ. Մխիթար Քհնյ. Հարոյեան եւ Տ. Խաչատուր Քհնյ. Հայրապետեան։ Այս վերջինները 13 սեպտեմբեր 2020 թուականին՝ Խաչվերացի տօնին, Գանձասարի վանքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման արժանացած էին։ Անոնք քառասնօրեայ ապաշխարութեան ու պատրաստութեան իրենց շրջանը պատերազմի օրերուն Գանձասարի վանքէն ներս անցուցած էին։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան ներկայացուց քահանայ հայրերը Նորին Սրբութեան։

Աւելի վերջ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հովուական ծառայութեան կոչուելու առթիւ քահանայ հայրերուն իր օրհնութիւնը բերաւ՝ ընդգծելով, որ արդիւնաւոր եւ յաջող սպասաւորութեան երաշխիքը ժողովուրդի նկատմամբ անսակարկ սէրն է, յանձնառութիւնը, պատասխանատուութիւնն ու անվերապահ նուիրումը վստահուած հօտի նկատմամբ։ Այդ առաքինութիւններու դրսեւորման պարագային է, որ հոգեւոր հովիւը կրնայ արժանանալ ժողովուրդի սիրոյն ու յարգանքին։

Անդրադառնալով յետպատերազմեան դժուարին կացութեան եւ ժողովուրդի ծանր հոգեվիճակին՝ Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ առկայ կացութեան մէջ հայ ժողովուրդի զաւակները առաւել մեծ չափով կարիքն ունին հոգեւոր խնամքի եւ հոգածութեան։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ քահանայ հայրերը պատասխանատուութեան մեծ զգացումով կ՚իրականացնեն իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը՝ ուժ տալով իրենց հօտին յաղթահարելու առկայ մարտահրաւէրները եւ զօրացնելով լաւատեսութեան ոգին ու հաւատը հայրենիքի ապագային նկատմամբ։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց նորաօծ քահանաները՝ անոնց մաղթելով բարեյաջող, օրհնեալ ծառայութիւն։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021