ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՉՈՒԼՃԵԱՆ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒԻ ԳՈՒԳԱՐԱՑ ԹԵՄԻՆ ՄԷՋ

Վաղը՝ հոգելոյս Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան պիտի ոգեկոչուի իր ծննդեան տարեդարձին առթիւ։ Հաւատացեալ ժողովուրդը կը շարունակէ սրտին մէջ կրել սէրը հոգելոյս սրբազանին նկատմամբ, որ անժամանակ բաժնուեցաւ կեանքէն։ Ան եթէ ապրէր, վաղը 62 տարեկան պիտի դառնար։

Հայաստանի Գուգարաց թեմի առաջնորդարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախկին թեմակալ առաջնորդի ծննդեան տարեդարձի օրը ան պիտի վերյիշուի կէսօրուան ժամերուն։ Այսպէս Գուգարաց թեմի առաջնորդարանի բակին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի համար։ Իր շիրիմը արդէն կը գտնուի այնտեղ։

Այս ոգեկոչումը յուզումնախառն առիթ մը պիտի ըլլայ, որպէսզի Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի յիշատակը անգամ մը եւս վերակենդանանայ եւ հաւատացեալները հերթական անգամ երախտագիտութեամբ վերյիշեն զինքը։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021